2013-05-30 09:03:39

Մոսկուա Քննադատեց Սուրիացի Ըմբոստներուն Զէնքեր Տրամադրելու Արգելքը Վերցնելու Եւրոմիութեան Որոշումը։


Չորեքշաբթի, Մայիս 29ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ միացան Պոլսոյ մէջ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին ժողովին, որ անցեալ շաբաթ սկսած էր, «Ժընեւ 2» կոչուող միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու հարցը քննելու համար: Հակառակ այն իրողութեան, որ այս հաւաքը եռօրեայ պիտի ըլլար, ան արդէն իսկ մէկ շաբաթէ աւելի է, որ կը շարունակուի, ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ տարակարծութեանց հետեւանքով, որոնք կրնան ձախողութեան մատնել Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի կողմէ առաջ մղուող միջազգային խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովի ապագային մասին յաւելեալ կասկած մը յառաջացուց Ֆրանսան, որուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ կը շարունակէ ընդդիմանալ «Ժընեւ 2»ին Իրանի մասնակցութեան:

Մինչ այդ, Մոսկուա քննադատեց սուրիացի ըմբոստներուն զէնքեր տրամադրելու արգելքը վերցնելու Եւրոմիութեան Երկուշաբթի օրուան որոշումը՝ զայն տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն խոտոր համեմատող քայլ մը նկատելով:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Կիրակի օր անակնկալօրէն Պաղտատ այցելեց՝ հանդիպումներ ունենալով բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Ան Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ քննեց Սուրիոյ տագնապին զարգացումներն ու անոր ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ սահմանակից երկիրներուն վրայ: Մալիքի վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապին՝ երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը, եւ շեշտեց, թէ տագնապը զինուորական լուծում չունի: Ան ողջունեց «Ժընեւ 2»ին մասնակցելու Սուրիոյ որոշումը:

Իր կարգին, Մուալլեմ յայտնեց, որ Իրաք կ՛այցելէ զօրակցելու համար Իրաքի ժողովուրդին ու պետութեան կողմէ տարուող «անմեղ կեանքեր խլող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»՝ գոհունակութիւն յայտնելով «Քայիտա»ի դէմ առնուած քայլերուն առթիւ:

Նշենք, որ Մուալլեմի այցելութենէն երկու օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ Մալիքիի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը շեշտած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.