Արքայազուն Չարլզ Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Հետ Եւ Այցելեց Մատենադարան
Բրիտանիոյ արքայազուն Չարլզ Երեւան տուած իր այցելութիւնը սկսած է Մատենադարանէն, ուր
անոր կ՛ընկերակցէր «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ծրագիրի հիմնադիր, Հայաստանի նախկին
վարչապետ Արմէն Սարգսեանը: Անոնք դիմաւորուած են Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի
կողմէ: Արքայազունը ծանօթացած է Մատենադարանի բացառիկ հաւաքածոյի կարեւորագոյն նմոյշներուն,
որոնց կարգին՝ 13րդ դարու Աստուածաշունչին: Մատենադարանին կողմէ իբրեւ նուէր իշխանին
տրուած է Գրիգոր Նարեկացիի արծաթապատ «Մատեան Ողբերգութեան»ը։ 29 Մայիսին Հայաստանի
նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է արքայազուն Չարլզի հետ. նախագահը ողջունած
է իշխանը, որ այս այցելութեամբ կարելիութիւն ունեցած է ծանօթանալ Հայաստանին, ժողովուրդին
եւ պատմամշակութային ժառանգութեան։ Ընդգծելով, որ հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները երկար
դարերու պատմութիւն ունին, եւ որ հայ ժողովուրդը ջերմօրէն կը վերաբերի բրիտանացի ժողովուրդին
ու արքայական ընտանիքին հետ՝ Հանրապետութեան նախագահը խնդրած է իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները
փոխանցել Բրիտանիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.ին: «Ձեր նկատմամբ մեր ժողովրդի վերաբերմունքն
առանձնայատուկ է, եւ դա պայմանաւորուած է նաեւ նրանով, որ դուք բարեգործական մեծ գործունէութիւն
էք ծաւալում: Դրա վառ վկայութիւնը «Երեւան, իմ սէր» ծրագրին ձեր ակտիւ մասնակցութիւնն
է եւ ձեր ներդրումը», յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ
շնորհակալութիւն յայտնած է «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ծրագիրի հիմնադիր Արմէն Սարգսեանին՝
այդ ծրագիրին նախաձեռնելու եւ արքայազուն Չարլզի Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպելուն
համար: Արքայազուն Չարլզ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած
ջերմ հիւրընկալութեան, իսկ Արմէն Սարգսեանին՝ հրաւէրի համար եւ կարեւոր նկատած է «Երեւան,
իմ սէր» բարեգործական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի մէջ կառուցուող միջազգային դպրոցի
ծրագիրը: Իշխանը շեշտած է, որ բարձր կը գնահատէ կրթութեան եւ երիտասարդութեան զարգացման
նպատակով Հայաստանի մէջ ի գործ դրուած ծրագիրները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդլայնելու
երիտասարդ ձեռներէցներուն աջակցութեան իր ծրագիրը նաեւ Հայաստանի մէջ: Հանդիպման ընթացքին
անդրադարձ կատարուած է հայ-բրիտանական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան, երկկողմանի
յարաբերութիւններու զարգացման ու համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հարցերու: Այլ
հանդիպումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան արքայազունին ներկայացուցած է «Երեւան, իմ սէր» ծրագիրը,
որ Սկովտիոյ մէջ գործող եւ Չարլզ իշխանին աջակցութիւնը վայելող «Տամֆրիներու տուն» ճարտարապետական
ժառանգականութեան նպատակով գործող բարեգործական ծրագիրին նման է: Արմէն Սարգսեան դիտել
տուած է, որ Ուէյլզի արքայազունին օրինակը ոգեշնչած է զինք՝ աշխատելու Երեւանի պատմական
վայրերու պահպանման եւ վերականգնման ուղղութեամբ: Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հոգաբարձուներու
խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդանեան իր կարգին ներկայացուցած է 150 միլիոն տոլար արժողութեամբ
ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Վարդանեան ու անոր կինը ներկայացուցած են Դիլիջանի դպրոցին
մէջ արքայազունին ի պատիւ 65 ծառ տնկելու նախաձեռնութիւնը: «Երեւան, իմ սէր» ծրագիրի
ծիրին մէջ կը նախատեսուի Երեւանի Կոնդ համայնքին մէջ՝ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից վերակառուցել
պատմական 3 շէնք, որոնք Մօր եւ Մանկան ապաստան պիտի ըլլան անապահով ընտանիքներուն համար,
նաեւ մսուր՝ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն համար եւ համայնքային գործունէութեան
կեդրոն: