2013-05-30 09:11:55

Ամերիկահայ Հիւանդապահներու Միութիւնը Կը Տօնէ Հիւանդապահներու Շաբաթը:


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մայիս ամսուան երկրորդ շաբաթը Հիւանդապահներու շաբաթն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին. այդ շաբթուան ընթացքին, առողջապահական կեդրոններ եւ հիւանդապահներու միութիւններ զանազան միջոցառումներով կը նշեն այդ տօնը, որ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու հիւանդապահներուն մատուցած սպասարկութիւններուն համար:
Այս տարի, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը հիւանդապահներու շաբթուան նուիրուած իր տարեկան ձեռնարկը իրականացուց Մայիս 2ին: Երեկոն սկսաւ ընկերային պահով մը, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին համադամ ընթրիք ու առիթը ունեցան զրուցելու իրարու հետ: Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր իրաւաբան եւ հիւանդապահ Սիւզըն ՏէՓիեթրօն, որ դասախօս մըն է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական սպասարկութիւններ կը մատուցէ: Ան խօսեցաւ հիւանդապահութեան առնչուող իրաւական հարցերու մասին, յատկապէս գիտական եւ ճարտարագիտական վերջին յառաջխաղացքներուն լոյսին տակ: Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցումներով աւելի եւս լուսաբանուելու դասախօսին կողմէ:
Ապա տեղի ունեցաւ կրթանպաստներու տուչութիւն: Կրթանպաստներ ստացան հիւանդապահութեան ուսման վերջին տարուան մէջ գտնուող վեց ուսանողներ:
Սոյն կրթանպաստները ամէն տարի կը տրամադրուին շնորհիւ Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան նեցուկ կանգնող նուիրատուներուն: Կրթանպաստ ստացող ուսանողները յաճախ կը դառնան Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան անդամներ՝ իրենց սպասարկութիւնը մատուցելով համայնքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը 1989ին հաստատուած է Սալբի Ագարակեանի առաջնորդութեամբ: Անիկա ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն կազմաւորման սկզբնական շրջանին անոր գլխաւոր նպատակը Հայաստանի երկրաշարժէն տուժողներուն անմիջական օժանդակութիւն հասցնելն էր, իսկ ներկայիս՝ անիկա ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի մէջ եւ տեղական մակարդակի վրայ՝ հասնելով համայնքին առողջապահական կարիքներուն, ըլլան անոնք աշակերտներու հերթական քննութիւններ կամ համայնքային լայնածաւալ միջոցառումներու ընթացքին բժշկական անմիջական խնամքի տրամադրում:
Կազմակերպութիւնը անդամ է Հայ բժշկական միջազգային յանձնախումբին ու մօտէն կը գործակցի նաեւ Լոս Անճելըսի Առողջապահական բաժանմունքին ու Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ՝ իրականացնելով Կլենտէյլի համայնքին համար առողջապահական տարեկան փառատօներ: Անիկա նաեւ կը կազմակերպէ համայնքային դասախօսական ձեռնարկներ ու կը նպաստէ Հայաստանի հիւանդապահներու մարզումներուն:
Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեանց ծիրէն ներս, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան նախաձեռնութեամբ, 1996ին կազմակերպուեցաւ Հայաստանի հիւանդապահներու կազմակերպութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր Հայաստանի տարածքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.