2013-05-29 11:29:50

''Մայրն ու Հայրը ի Նպաստ Զաւակներու Կրթութեան'' Համագումար։


Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի կեդրոնին մէջ չորեքշաբթի 29 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5.00 ին տեղի կ՛ունենայ ''Մայրն ու Հայրը ի նպաստ զաւակներու կրթութեան։ Անկատար սէր'' վերտառութեամբ համագումար որ վերոյիշեալ խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ''ընտաինքի մասին զրոյցներ'' խորագիրի երկրորդ հանդիպումը կը հանդիսանայ։
Վերոյիշեալ ծրագիրին իրենց նպաստը կու տան մասնագէտներ որոնց շարքին, օրէնսգէտներ, տնտեսագէտներ, մանկավարժներ բժիշխկներ եւ հոգեբաններ։
''Մայրն ու Հայրը ի նպաստ զաւակներու կրթութեան։ Անկատար սէր'' վերտառութեամբ համագումարին ելոյթ կ՛ունենան հոգեբան Կրացիա Աթիլլի որ կը խօսի ''Անկատար Սէր Երբ ծնողները մեր ցանկացածին նման չեն''։ ապա լրագրող` Գոստանցա Միրիանօ որ կը խօսի ''տարբերութեան հարստութիւնը'' նիւթին մասին եւ Ճիւլիանօ ֆէրրարան որ կը զրուցէ ''մանչ զաւակէն դէպի հայր'' նիւթին շուրջ։
Իսկ բարոյաբանութեան փիլիսոփայութեան դասատու ՝ հայր Օլիվիէ Պօննէվիյն կը խօսի ''Զոյգի վէրքերը զաւակներու հետ յարաբերութեան մէջ'' նիւթին մասին՜







All the contents on this site are copyrighted ©.