2013-05-29 14:37:07

Մայիսկ 28-ի Տօնակատարութիւն
Թաւրիզի Հայ Օգնութեան Միութեան Կրթօճախէն Ներս


Հայաստանի աշխարհի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 95-րդ տարեդարձին առիթով, Երեքշաբթի 28 Մայիս 2013-ի առաւօտ, Հայ Օգնութեան Միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի «Ծերունի Գասպարեան» Մանկապարտէզ-Նախակրթարանի յարկին տակ, Մայիս 28-եան փառաբանանք տեղի ունեցաւ:
Դաստիարակչական բնոյթի այս ձեռնարկը պատրաստուած էր կրթօճախի ուսուցչակազմին կողմէ, հովանաւորութեամբ Հ.Օ.Միութեան վարչութեան:
Ձեռային յատուկ աշխատանքներով Հայաստանի Հանրապետութեան դըրօշի գունաւորումը աշակերտներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումը, նախապատրաստական աշխատանքներն էին, Մայիս 28-ի փառաբանանքը արժանի կերպով կատարելու:
Երեքշաբթի օրուան արտադասարանային գլխաւոր ձեռնարկը նուիրեցաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին, մատղաշ սերունդի հոգիներուն մէջ արթնցնելու եւ վառ պահելու համար հայրենիքի կերտման նպաստած բոլոր նուիրեալներու յիշատակի նկատմամբ յարգանքը:
Իրենց սորված երգերով ու արտասանութիւններով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, մանուկները տօնեցին հայրենիքի անկախութեան 95-րդ տարեդարձը, նաեւ հատելով այդ առիթով պատրաստուած կարկանդակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.