2013-05-28 11:44:16

Պրազիլի Ռիոյի Քաղաքապետը Արձակուրդ Շնորհած Է Քաղաքի Բոլոր Պաշտօնէութեան Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն Համար։


Պրազիլի մամուլը կը հաղորդագրէ որ Ռիոյի քաղաքապետը տիար Էտուարտօ Բաես` արձակուրդ կը շնորհէ քաղաքի բոլոր պաշտօնէութեան ու դպրոցականներուն, երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենան 23-28 յուլիս։ Այս կարգադրութիւնը առած է խուսափելու 8 միլիոն հաշուող քաղաքի շրջագայութեան քաոսէն։
Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն նախատեսուած է մասնակցութիւնը շուրջ երեք միլիոն երիտասարդներու։ Նշենք որ այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապը իր առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս։ Սրբազան Քահանայապետը 28 յուլիսին պիտի գլխաւորէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան եզրափակիչ պատարագը, աւելի քան երկու միլիոն երիտասարներու մասնակցութեամբ։ Քաղաքապետարանը նախատեսած է երկու հազար ոստիկան տրամադրել ապահովութիւնը երաշխաւորելու կամքով։
Անցեալ 24 մարտին, ծաղկազարդի տօնին օրը, ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսած էր ''լաւ պատրաստուեցէք, մանաւանդ հոգեւոր գետնի վրայ, յառաջիկայ յուլիսի ժամկէտին որպէսզի այդ հանդիպումը ըլլայ, համայն աշխարհին համար, հաւատքի նշան։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.