2013-05-27 12:42:50

''Յիսուսին Հետեւելու Համար Անհրաժեշտ Է Մերկանալ Հեշտասիրութեան Մշակոյթէն'' Ըսաւ Սրբազան Քահանայապերը։


Երկուշաբթի 27 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 7-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, մատոյց առօրեայ սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն։ Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Յիսուսին հետեւելու համար անհրաժեշտ է մերկանալ հեշտասիրութեան մշակոյթէն եւ վաղանցիկ հրապոյրէն։ Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց ներկաները խղճի քննութիւն մը ընելու աղն հարստութիւններու մասին որոնք մեզի արգելք կը հանդիսանան Յիսուսին մօտենալու։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Զոհի աւարտին մի առ մի ողջունեց պատարագի ներկայ գտնուող հաւատացեալները ու ապա գործունէութիւնը շարունակեց յաջորդաբար ընդունելով Առողջապահութեան Հովութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարտիանլ Զիկմունդ Զիմովսքին, Սուրբ Աթոռի Տնտեսական Գործակալութեան երբեմնի նախագահը Կարտինալ Վէլազիօ Տէ Բաոլիս եւ Մոզամպիքի եպիսկոպսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Լուչիօ Անտիսէ Մուանտուլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.