2013-05-27 08:35:10

Հալէպահայ Մտաւորական Յակոբ Միքայէլեան Ազատ Արձակուած Է


Հալէպահայ մտաւորական եւ գրող Յակոբ Միքայէլեան ազատ արձակուած է եւ ողջ առողջ կը գտնուի իր հարազատներուն մօտ: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:
Յիշեցնենք, որ Մայիս 21-ին Հալեպ-Պէյրութ ճանապարհին առեւանգած եr Հալէպի հայ համայնքի անդամ, Հայ ընդհանուր բարեգործական միութեան տեղական մարմնի ղեկավար Յակոբ Միքայէլեան: Գրոհայինները կանգնեցուցած էին հանրակառքը եւ ստիպած էին միայն հայազգի Յակոբ Միքայէլեանին, որ դուրս գայ, իսկ միւսները շարունակեն իրենց ճանապարհը: Յակոբ Միքայէլեան հայոց լեզուի ուսուցիչ է, ան կը գրէ պատմուածքներ ու վէպեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.