2013-05-27 12:00:11

Զմմառու Ուխտի Օր


Կիրակի 26 Մայիս 2013-ին, Աստուածածնայ ամսուայ վերջին կիրակին՝ Զմմառու վանքէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական Ուխտի Օրը, կազմակերպութեամբ՝ Վանքիս Վարչութեան եւ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, և մասնակցութեամբ՝ Ս. Մեսրոպ և Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբերուն, և ՀԿՄ Զալգա և Էշրէֆիէ Պատանեկան միութիւններուն: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու մուտքէն դէպի վանքին գլխաւոր հրապարակը կատարուեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որուն յաջորդեց Հայրապետական Ս. Պատարագ, զոր մատոյց և որուն ընթացքին քարոզեց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Ս. Պատարագին ներկայ էին Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանը, վանքիս վարչական հայրերը և հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովրդապետները, մասնակցութեամբ իրենց զանազան կազմակերպութիւններուն և համայնքիս կարգ մը անձնաւորութիւններու:
Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին՝ նոյն վայրին մէջ կատարուեցաւ վարդարանի աղօթք բոլոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ:
Այս սուրբ տօնին առթիւ՝ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը կը մաղթէ բոլոր ուխտաւորներուն իրենց ուխտերուն իրականացում, Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ:
Նշենք նաեւ թէ Ուխտի Օրուան առիթով, վանքի կազդուրման զբօսայգին բացաւ իր դռները բոլոր այցելուներուն առջեւ, և պիտի շարունակէ բաց մնալ ամառուայ ընթացքին, ամէն օր երեկոյեան ժամը 5:00-էն 10:00-ը: Հոն զետեղուած է կրպակ մը զօվացուցիչ խմիչքներու եւ զանազան ուտելիքներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.