2013-05-27 10:20:29

''Ամենօրեայ մեր պայքարին մէջ առանձին չենք մեր կողքին ունինք մեր Երկնաւոր Մայրը Ս. Մարիամ Աստուածածինը։'' Ըսաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Զմմառու ուխտի օրուայ առթիւ։


Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան և Հայ կաթողիկէ համայնքին համար՝ աւանդական Ուխտի Օր մըն է Մայիս ամսուայ վերջին Կիրակին: Կիրակի 26 Մայիս 2013-ին, տեղի ունեցաւ Հայրապետական Ս. Պատարագ զոր մատոյց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը: Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Անցեալ կիրակի, կատարեցինք Հոգեգալստեան տօնը՝ Ս. Հոգիին իջումը առաքեալներուն վրայ, որ Յիսուս, երկինք չելած, խոստացած էր իր աշակերտներուն, երբ անոնց ըսաւ. «Ես պիտի աղաչեմ Հօրս, որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի ձեզի հետ բնակի յաւիտեան» (Յովհ 14,16):
Յիսուս իր աշակերտներուն Ս. Հոգին ղրկեց, որպէսզի շարունակ կերպով մնայ անոնց հետ զիրենք պաշտպանելու եւ անոնց օգնելու համար: Ուստի, Ս. Հոգին կը բնակի ամէն հաւատացեալին մէջ եւ զայն կարող կը դարձնէ քրիստոնէաբար ապրելու եւ երբեմն ալ արտակարգ գործեր իսկ կատարելու: Ս. Պօղոս կը կոչէ այդ հաւատացեալը «հոգեւոր մարդ»: Միայն հոգեւոր մարդը կրնայ Յիսուսին աշակերտ կոչուիլ, որովհետեւ ան՝ Ս. Հոգիին շնորհքով եւ ոյժով, կ'ապրի Յիսուսին նման:
Երկու շաբաթ առաջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբ. Քահանայապետը, իր խօսքին ընթացքին այս յանդուգն արտայայտութիւնը ունեցաւ: Ըսաւ. «Յիսուսին աշակերտը չէ ան որ մկրտուած է, կամ ան որ քահանայ է կամ Եպիսկոպոս, կամ ան որ Կարդինալ է կամ պապ, այլ՝ ան որ Յիսուսին նման կ'ապրի: Ան է Յիսուսին աշակերտը»:
Այսօրուայ ընթերցուածին մէջ, Ս. Պօղոս յստակ կերպով կը բաժնէ մարդիկ. ոմանք կը կոչէ «շնչաւոր մարդ» եւ ուրիշներ «հոգեւոր մարդ»: Շնչաւոր մարդը, ան է որ կ'ապրի իր մեղանչական մարդկային զգացումներով՝ կը դատէ ան որ զինք կը դատէ, կ'ամբաստանէ ան որ զինք կ'ամբաստանէ, կը չարախօսէ անոր մասին որ իրեն դէմ կը չարախօսէ, այսինքն՝ կը փոխանակէ չարը չարով, եւ փոխ վրէժ կ'առնէ խօսքով եւ գործով ամէն անձէն, որ իրեն կը վնասէ: Այս է շնչաւոր մարդուն վարուելակերպը, որ մարդկային իմաստութեամբ կ'ապրի եւ կը գործէ:
Իսկ «հոգեւոր մարդը», ան է որ կը ներէ անոր որ իրեն դէմ կը խօսի, ան որ չ'աւրեր անունը անոր որ զինք կը զրպարտէ, որ շարունակ կերպով եւ ամէն օր Ս. Հոգիին կը դիմէ, որպէսզի ոյժ առնէ՝ պայքարելու համար իր մէջ ապրող շնչաւոր մարդու վաւելակերպին դէմ, քաջ գիտնալով որ ինքը, առանձին, տկար է: Ասոր համար, ան իր վստահութիւնը չի դներ ինքն իր վրայ, այլ կը դնէ Ս. Հոգիէն ստացած ոյժին վրայ:
Մինչ «շնչաւոր մարդը» Ս. Հոգին կը տխրեցնէ, ինչպէս որ կը պատմէ Ս. Պօղոս, եւ պատճառ կ'ըլլայ որ Ս. Հոգին իրմէ հեռանայ, ընդհակառակը, «հոգեւոր մարդը» իր սիրտը Ս. Հոգիին բնակարան կը դարձնէ եւ անոր ներշնչումներով կ'ապրի ու կը գործէ:
Մէկը կրնայ հարցնել. ի՞նչ բան կը տխրեցնէ Ս. Հոգին եւ զայն կը հեռացնէ: Մեղքերը կը տխրեցնեն Ս. Հոգին եւ պատճառ կը դառնան որ Ան մեղաւոր մարդէն հեռանայ, եւ այսպէս, մեղաւոր մարդը անպաշտպան կը մնայ Սատանային եւ անոր խաբէութիւններուն եւ փորձութիւններուն դէմ, եւ հետզհետէ աւելի սխալներ եւ յանցանքներ կը գործէ:
Արդեօք, մեղաւոր մարդը կրնա՞յ կրկին իր սիրտը բանալ Ս. Հոգիին: Անշուշտ թէ կրնայ՝ հաշտուելով Աստուծոյ հետ եւ ընկերոջ հետ, որուն դէմ մեղանչած է խօսքով կամ գործով, ապահով ըլլալով որ Աստուած իրեն անմիջապէս պիտի ներէ, եւ թէ Ս. Հոգին կրկին պիտի բնակի անոր սրտին մէջ:
Յիսուսին աշակերտը ան է որ Յիսուսին նման կ'ապրի: Արդ, Յիսուս խոնարհ էր եւ կը սիրէր ամէն մարդ, նոյնիսկ իր թշնամիները, եւ կը ներէր ամէն մարդու որ կը զղջար իր գործած յանցանքներուն վրայ: Ս. Հոգիին շնորհքով, ամէն հաւատացեալը նոյնը կրնայ ընել, ինչպէս ըրին մեր նախորդներէն շատեր, որոնք Աստուծոյ հաճելի դարձան եւ Աստուած զիրենք ընդունեցաւ երկնքի արքայութեան մէջ: Հաւատացեալը կրնայ ապրիլ ինչպէս բազմաթիւ քրիստոնեաներ այսօր կ'ապրին՝ որպէս իսկական Յիսուսին աշակերտներ եւ հաւատարիմ կը մնան Ս. Աւետարանին:
Իսկ այն մարդիկ, եւ անոնցմէ շատեր կան, որոնք կը փնտռեն պատիւ, փառք, շահ եւ կարեւոր դիրք ունենալ: Ասոնք չե՛ն կրնար խոնարհ ըլլալ, չե՛ն կրնար ներել իրենց թշնամիներուն, եւ չե՛ն կրնար սիրել ամէն մարդ: Այսպիսիներ, ամէն բանէ առաջ իրենքզիրենք կը սիրեն: Հետեւաբար, ասոնք չեն կրնար Յիսուսին նմանիլ եւ Յիսուսին աշակերտ կոչուիլ, նոյնիսկ եթէ իրենց իխրաժ քետին մէջ գրուած է, թէ հայ են, այսինքն քրիստոնեայ: Քրիստոնեայ ըլլալ, Յիսուսին աշակերտ ըլլալ, պաշտօնական վկայագիրով չի փաստուիր, այլ զայն կը փաստէ միայն, այդ անձին ապրումը՝ Յիսուսին նման եւ անոնց նման որ Յիսուսի ուղիին կը հետեւին:
Յոյժ սիրելիներ, ամենօրեայ մեր պայքարին մէջ ապրելու համար որպէս Յիսուսի հարազատ աշակերտներ, չմոռնա՛նք որ առանձին չենք: Ունինք զօրաւոր պաշտպան մը, Ս. Հոգին, որ գիտէ մեր դժուարութիւնները եւ մեզի օգնութեան կը հասնի ամէն անգամ որ իրեն դիմենք: Ունինք քրիստոնեայ հասարակութիւններ, որոնք մեզի համար կ'աղօթեն եւ մեզի բարի օրինակ կը հանդիսանան: Ունինք մանաւանդ Ս. Մարիամ Աստուածածինը, որուն անունին այս դարաւոր վանքը նուիրուած է, եւ որուն կը դիմենք ամէն տարի հաւաքական ուխտագնացութեամբ: Մեր Երկնաւոր Մայրը ուղիղ որոշումներ առաւ վճռական պահերուն ատեն, ինչպէս՝ հաւատքով ընդունեցաւ Աստուծոյ Հրեշտակին աւետիսը, նաեւ քաջութեամբ եւ անսայթաք ու խիզախ կերպով կեցաւ իր սիրասուն խաչուած Որդիին առջեւ առանց գանգատելու, եւ հակառակ իր մայրական ճմլուած սրտին կրցաւ պահել իր սրտի խաղաղութիւնը, Աստուծոյ կամքը լիուլի ընդունելով: Ան եւս մեզի մեծապէս կրնայ օգնել եւ ուղղել:
Սիրելինե՛ր, դիմե՛նք ուրեմն մեր Երկնային Մօր, որ Սրբ. Պապը կոչած է նաեւ Աւետարանումի Աստղը, որպէսզի մենք ալ Աւետարանումի գործին մասնակից դառնանք մեր համայնքին համար որ այնքան պէտք ունի, հոգեւոր մարդ ըլլալով, մանաւանդ այս տարուան ընթացքին, որ նուիրուած է քրիստոնեայ Հաւատքին. Զայս կը մաղթեմ ձեզի բոլորիդ: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.