2013-05-27 09:37:42

27 Մայսիին Հռոմի Մէջ Աղօթքի Հսկում Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Եպիսկոպոսներու Ազատագրումի եւ Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատումի Համար։


Երկուշաբթի 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 9-ին Հռոմի ֆապիանօ եւ Վենեցիանօ Սուրբերու անուան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Աղօթքի Հսկում Սուրիոյ մէջ արեւանգուած երկու օրթոտոքս եպիսկոպոսներու` Ասորի գերապայծառ Գրիգոր Իպրահիմ եւ Յոյն գերապայծառ Բոլ Եազիճիի ազատագրումի, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումի եւ բոլոր արեւանգուածներու դիտաւորութեան։
Վերոյիշեալ հսկումը կազմակերպուած է ''Եկեղեցիներու միջեւ առաքելական համագործակցութիւն'' կեդրոնի եւ Հռոմի թեմի գաղթականութեան հովութեան գրասենեակի կողմէ ''միջին արեւելքի համար լուսաբեր'' կազմակերպութեան համագործակցութեամբ։
Աղօթքի արարողութիւնը կը գլխաւորեն գերապայծառ Մաթթէօ Ծուբբի եւ գերապայծառ Ճուզեփփէ Մարչանդէ։ Արարողութեան ընթացքին տեղի կ՛ ունենայ նաեւ դրամահաւաք սուրիացի գաղթականներուն ի նպաստ։
Յայտնենք որ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը իր հրապարակած շրջաբերական թուղթով Կոստանդեանոսի կրօնքի ազատութեան հրովարտակի 1700 տարեդարձին առիթով, կոչ ուղղած էր երկու եկեղեցականներու ազատագրումին ի խնդիր։ Պատրիարքը դրսեւորած էր մտահոգութիւնը, անցկութիւնն ու բողոքը աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքին համար։ Քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը կը շարունակուի սպաննութիւններով եւ արեւանգումներով -գրած էր Ան - ու ապա անդրադարձած Եգիպտոսի քրիստոնեաներու դժուար իրավիճակի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.