2013-05-26 10:10:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Եղիսաբէթ եւ Զաքարեայ Սուրբերու Անուան Ժողովրդապետութիւնը Կ՛այցելէ։


Կիրակի 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Հռոմի Եղիսաբէթ եւ Զաքարեայ Սուրբերու անուան ժողովրդապետութեան հրապարակի վրայ մատուցած բացօթեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը սիրալիր ու հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ 16 երախաներուն հետ որոնք առաջին սուրբ հաղորդութիւնը կ՛ընդունին։ Սրբազան Հայրը հարցումներ ողղեց անոնց Սուրբ Երրորդութեան, սուրբ Հաղորդութեան եւ Յիսուսի մասին եւ երախաները խանդավառութեամբ պատասխանեցին անոր հարցումներուն։ Ան խօսքը եզրափակեց զանոնք հրաւիրելով որ հայցեն Աստուածամօր բարեխօսութեան որպէսզի ուղղէ անոնց քայելերը։
Յատնենք որ Սուրբ Զոհի սկիզբը Սրբազան Հայրը պատասխանելով Ժողովրդապետի բարի գալուստի խօսքին շնորհակալութիւն յայտնած էր անոր եւ հաւատացեալներուն իրեն վերապահուած ջերմ հիւրընկալութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.