2013-05-26 09:36:12

Կիրակի 25 Մայիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Կիրակի 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Հռոմի Եղիսաբէթ եւ Զաքարեայ Սուրբերու անուան ժողովրդապետութիւնը այցելեց ու նախագահեց Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին 16 երախաներու մատակարարեց առաջին հաղորդութեան սուրբ խորհուրդը։
Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն մեկնեցաւ ինքնաթիռով, առաւօտեան ժամը 8,30-ին, ու Եղիսաբէթ եւ Զաքարեայ Սուրբերու անուան ժողովրդապետութիւն ժամանեց 8,45-ին ուր զինք դիմաւորեցին Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին, եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եւ այլ եկեղեցական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։
Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ առաջին հաղորդութիւնը ընդունող երախաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան անդամ հիւանդներուն հետ։
Հռոմի հիւսիսային կողմը գտնուող այս ժողովրդապետութիւնը ունի 7 հազար հաւատացեալ եւ յանձնուած է ժողովրդապետ` Րումանացի Հայր Պէնոնի Ամպարուսիի ու անոր փոխանորդ Հայր ճովաննի ֆրանքոյի խնամքին։
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին երկու վերոյիշեալ քահանաները, Կարտինալ Վալլինին եւ Հռոմի հիւսիսային շրջանի թեմական վարիչ` գերապայծառ Կուէրինօ Տի Թորան։ Արարողութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք ուղղեց Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Պէնոնի Ամպարուսի։
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ եւ ողջունեց ժողովրդապետութեան աշխատակիցները ու ապա 11,30-ին ինքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան ուր կէսօրին իր գրասենաեկի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.