2013-05-25 13:15:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց “Centesimus Annus Pro Pontifice” Հիմնարկի Անդամները։


Շաբաթ 25 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։ Ապա ընդունեց Հնդկաստանի Ասորի-Մալանքարներու Աւագ Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Կարտինալ Պազիլիոս Գլիիմ Թոթունքալը հուսկ ժամը 12,30-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Centesimus Annus Pro Pontifice հիմնարկի միջազգային գիտաժողովին մասնակից 500 անդամներուն որոնք մայիս 23էն - 25, հիմնարկի 20րդ տարեդարձի առթիւ, հռոմի մէջ մասնակցեցան ''վերատեսել աշխատանքի ի նպաստ զօրակցութիւնը - 21րդ դարու մարտահրաւէրները'' խորագրով միջազգային համաժողովին։

Անոնց արտասանծ իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հիմնարկի հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձին ու անոր գոծունէութեան Եկեղեցական Ընկերային Վարդապետութեան ծիրէն ներս մատնանշելով համաժողովի ''աշխատանքի եւ զօրակցութեան'' նիւթերուն եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ հրատարակած '' Centesimus annus '' եւ '' Laborem exercens'' շրջաբերական թուղթերուն, նուիրուած` ''աշխատանքին''։
Ներկայ տնտեսական եւ ընկերային տագնապը աւելի հրատապ կը դարձնէ ''աշխատանքի վերատեսութիւնը'' ի տես անգործութեան ծաւալումին որ մտահոգիչ դարձած է եւ աղքատութիւն կը յառաջացնէ։Չկայ աւելի վատ նիւթական աղքատութիւն մը քան այն աղքատութիւնը որ արգելք կը հանդիսանայ աշխատանքի արժանաւորութեան եւ առօրեայ հացի ապահովման։ Այս մէկը չի հայիր միայն ''աշխարհի հարաւային շրջանին այլ բոլոր մոլորակին''։ Ահա ուրեմն անհրաժեշտութիւնը վերատեսելու նաեւ զօրակցութիւնը ոչ որպէս աղքատներու օժանդակութիւն այլ համայն համակարգին համայնաշխարհացած վերատեսութիւն մը` բարեփոխումի նոր ուղիներ գտնելու նպատակով որոնք մարդու հիմնական իրաւունքներուն կը համապասխանեն, բոլոր մարդոց իրաւունքներուն։ Այսօրուայ տագնապը միայն տնտեսական չէ այլ անոր արմատները մխրճուած են բարոյական եւ մարդաբանական տագնապի մէջ։Հետեւիլ իշխանութեան, շահի ու դրամի կուռքերուն, ոտնկոխելով մարդ արարածի արժէքները, դարձած է գործելակերպի հիմնական օրէնք եւ կազմակերպութեան որոշիչ չափանիշ։ Մարդ արարածը մորցուած է։ Հարկ է առ այդ վերադառնալ մարդու կեդրոնականութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու եւ գործունէութիւններու բարոյական ըմբռնումի - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - ու ապա ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.