2013-05-25 12:13:17

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբիհամանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Եան Քելլին (ԱՄՆ), Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ յետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Համանախագահները հանդիպեցան նաեւ նախարար Նալբանդեանին հետ ու անոր ներկայացուցին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն տպաւորութիւնները:
Էդուարդ Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բանակցային հոլովոյթի էութիւնը եւ բնոյթը խեղաթիւրող ազրպէյճանական կողմի շարունակական յայտարարութիւններուն վրայ, որոնք չեն նպաստեր հոլովոյթի յառաջխաղացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.