2013-05-25 12:12:49

Մոսկուա Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Ուշացումի «Ժընեւ-2»-ի Յստակ Թուական Մը Ճշդելու


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ «գոհունակութիւն» արտայայտելով յայտարարեց, որ Դամասկոս կը վստահեցնէ, որ սկզբունքով պատրաստ է Սուրիոյ տագնապին շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու:
«Ռուսիա վերջերս մեծ ջանք կը թափէ Սուրիոյ տագնապին լուծման շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան գործադրութեան համար», ըսաւ Լուքաշեւիչ` աւելցնելով, որ Մոսկուա սոյն նախաձեռնութեան 30 յունիս 2012 թուակիր Ժընեւի յայտարարութեան հիմամբ գործադրութիւնը արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու, սուրիացիներու ողբերգութեան վերջ տալու եւ ի շահ բոլոր քաղաքացիներուն Սուրիոյ ժողովրդավարական ապագայի մը ապահովման համար իրատեսական առիթ մը կը նկատէ… եւ այս առիթը պէտք չէ փախցնել»:
Ան նշեց, որ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, որովհետեւ «հակառակ ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան ձեռնարկումէն ետք շարք մը գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մեր ուղղած կոչերուն, Սուրիոյ շուրջ միակողմանի որոշում մը որդեգրուեցաւ, ինչ որ կը հակասէ սուրիական տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ միաձայնութեան»` աւելցնելով, որ ներկայիս Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի 23-րդ նիստի ընթացքին եւս այդպիսի «ոչ շինիչ» որոշում մը որդեգրելու աշխատանք կը տարուի:
Լուքաշեւիչ քննադատեց ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան գործադրութիւնը խանգարելու փորձը եւ «քաղաքական նեղ շահերը գլխաւոր նպատակէն բարձր դասելը»: «Այդ փորձերը ընդդիմադիր խմբաւորումներուն ժխտական պատգամներ կ՛ուղղեն եւ զանոնք կը մղեն երկխօսութիւնը մերժելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «գլխաւոր առաքելութիւնը կը մնայ այն, որ ընդդիմութիւնը առանց նախապայմաններու խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար պատուիրակութիւն մը կազմէ»:
Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «պէտք է առանց ուշացումի խորհրդաժողովի յստակ թուական մը ճշդել… առանց յստակացման, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ լիազօրութեամբ ընդդիմութեան անունով պիտի խօսի, հարց մըն է, որ կարելի չէ լուրջի առնել»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու կարգ մը որոշումները, որոնց շարքին Մատրիտի հանդիպումը եւ Ամմանի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը «յուսախաբութիւն կը պատճառեն»:
Ան հաւանական նկատեց, որ Փարիզի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճոն Քերրիի միջեւ «Ժընեւ-2»-ի հարցով հանդիպում մը տեղի ունենայ:
Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի յայտարարեց, որ «գետնի վրայ Սուրիոյ բանակին ձեռքբերումները պիտի ճշդեն «Ժընեւ-2»-ի արդիւնքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.