2013-05-24 11:12:10

Ուխտագնացութիւն Սուրբ Պետրոսի Դամբանին


Շաբաթ 25 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 02.30- ին, Հաւատքի Տարուայ առթիւ, Հռոմի թեմի առողջապահութեան հովութիւնը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Սուրբ Պետրոսի դամբանին, գլխաւորութեամբ վերահաստատուած Հռոմի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիին որուն կ՝ընկերանան Հիւանդներ, հիւանդապահներ եւ կամաւորներ։
Վերոյիշեալ ուխտագնացութեան ընթացքին նախատեսուած են աղօթքներ, հաւատքի դաւանանք եւ ապա սուրբ պատարագի արարողութիւն սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.