2013-05-24 11:10:41

Հաւատոյ Տարի - Հաւատամք Սուրբերու Հաղորդութեան


Ս. Յովհաննէս աւետարանիչ, Հաւատքի Խորհուրդներուն մասին հաւատացեալներուն գրելով, անոնց կու տայ պատճառը, թէ ինչու զանոնք այս ճշմարտութիւններուն շուրջ կ՛ուսուցանէ. «Որպէս զի մտնէք մեր ընկերութեան մէջ, եւ մեր ընկերութիւնը ըլլայ Հօր եւ անոր Որդւոյն՝ Յիսուսի Քրիստոսի հետ (Ա. Յովհ, 1, 3): Արդ, այս ընկերութիւնը՝ Սուրբերու Հաղորդութիւնն է, որուն մասին կը դաւանինք Հաւատքի Հանգանակին մէջ:
Բոլոր Խորհուրդներուն պտուղը կը պատկանի ամբողջ եկեղեցւոյ: Որովհետեւ Խորհուրդները, եւ մանաւանդ մկրտութիւնը, որ կերպով մը, Դուռն է որմէ մարդիկ Եկեղեցւոյ մէջ կը մտնեն, նոյնքան նուիրական կապեր են, որոնք բոլորը կը զօդեն Յիսուսի Քրիստոսի:
Նիկիոյ Ժողովի Հայրերուն՝ հանգանակին վրայ աւելցուած խօսքերը. «կը դաւանիմ մէկ մկրտութիւն» կը փաստեն թէ Սուրբերու Հաղորդութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Խորհուրդներու հաղորդակցութիւնը: Որովհետեւ բոլոր միւս Խորհուրդները, եւ ի մասնաւորի Ս. Հաղորդութիւնը, անբաժանելի են Մկրտութեան Խորհուրդէն: Եւ նոյնիսկ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կարելի է տալ «հաղորդութիւն» անունը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեզ Աստուծոյ կը միացնէ, մասնակից ընելով մեզ Աստուածային Բնութեան, մեզի հաղորդուած շնորհքին միջոցաւ: Սակայն «հաղորդութեան» անունը աւելի կը յարմարի Ս. Հաղորդութեան, որովհետեւ անով, գլխաւորաբար, կը կատարելագործուի Սուրբերու Հաղորդութիւնը:
Նշանակելու համար որ Եկեղեցւոյ մէջ բարիքները ամէնուն կը պատկանին, Ս. Գիրքը յաճախ կը գործածէ, իրաւացիօրէն, մարդկային մարմնին անդամներու նմանութիւնը: Ստուգիւ, մարդկային մարմնին մէջ կան բազմափիւ անդամներ եւ սակայն ամէնքը մէկ մարմին կը կազմեն: Եւ սակայն ամէնքը միեւնոյն պաշտօնը չունին, այլ իրենց իւրաքանչիւնրին յատուկ պաշտօնը: Նոյնպէս, ամէնքը չունին միեւնոյն պատիւը եւ անոնց պաշտօնները ո՛չ հաւասարապէս պատուաբեր. եւ սակայն, անոնցմէ եւ ո՛չ մէկը կը հետապնդէ իր սեփական շահը եւ օգուտը: Միւս կողմէ, անոնք իրարու այնպէս սերտօրէն միացած են եւ այնպէս կը համագործակցին, որ եթէ անոնցմէ մէկը որեւէ ցաւ զգայ, միւս բոլոր անդամները կը զգան այդ ձաւը մերձաւորութեամբ եւ կարեկցութեամբ: Իսկ եթէ երջանիկ ըլլայ, մուս բոլորը կը մասնակցին իր ուրախութեան: Արդ, կրնանք այս տեսարանը դիտել Եկեղեցւոյ մէջ. ան կը պարունակէ շատ մը այլազան անդամներ, այլազան ազգերէ, հրեաներ եւ հեթանոսներ, հարուստներ եւ աղքատներ: Բայց հազիւ թէ մկրտուին, այս բոլորը կը կազմեն մէկ մարմին, որուն գլուխն է Քրիստոս:
Ասկէ զատ, Եկեղեցւոյ մէջ, ամէն ոք ունի իր որոշ պաշտօնը: ոմանք առաքեալներ են, ուրիշներ՝ վարդապետներ, բայց ամէնքը պաշտօնի վրայ են, յօգուտ բովանդակ «ընկերութեան» « հաղորդութեան»: Ոմանք հրամայելու եւ ուսուցանելու պաշտօն ունին, իսկ ուրիշներ՝ հնազանդելու եւ հպատակելու պարտականութիւնը:
Վերջապէս, բարիքները, որ այսպէսով ամէնուն կը պատկանին, միայն այն պարգեւները չեն որոնք մեզ արդար եւ Աստուծոյ հաճելի կը դարձնեն. այլ նաեւ՝ ձրի շնորհքները, ինչպէս գիտութիւնը, մարգարէութեան պարգեւը, լեզուներու եւ հրաշներու պարգեւը: Այս առանձնաշնորհութիւնները, որոնք երբեմն նոյնիսկ չարերուն կը տրուին,բնաւ չեն տրուիր անձնական շահի մը համար, այլ եկեղեցւոյ ընդհանուր բարիքին եւ շինութեան համար: Այսպէս բժշկութեան պարգեւը չի տրուիր բարիքին վայելողին, այլ բժշկուող հիւանդներուն օգուտին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.