2013-05-24 11:11:27

Հալէպի Մէջ Առեւանգուած Է Մտաւորական Յակոբ Միքայէլեան


21 մայիսին Հալէպ-Պէյրութ ճամբուն վրայ առեւանգած են Հալէպի հայ համայնքի անդամ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կարկառուն դէմքերէն Յակոբ Միքայէլեանը: Գրոհայինները կանգնեցուցած են հանրակառքը եւ ստիպած են միայն հայազգի Յակոբ Միքայէլեանին, որ դուրս գայ, միւսները շարունակած են իրենց ճամբան: Յակոբ Միքայէլեան հայոց լեզուի ուսուցիչ է, ան կը գրէ պատմուածքներ ու վէպեր: Եղած է վաստակաւոր դերասաններէն մէկը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ադամեան» թատերախումբին, դերեր վերցուցած է նաեւ սուրիական բազմաթիւ ֆիլմաշարերու մէջ:
Ինչպէս կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը, Յակոբ Միքայէլեան ողջ է, անոր հետ կապ հաստատուած է հեռախօսով: Ինչպէս յայտնած են անոր հարազատները, Միքայէլեան կանգնած է զինուորական դատարանի առջեւ եւ դատապարտուած է 3 ամսուան ազատազրկման` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հաւատարմութեան եւ Սուրիոյ նախագահին աջակցութեան ցոյցին մասնակցելու յանցանքով: Թերթը կը գրէ, որ 70-ամեայ Յակոբ Միքայէլեան առողջական խնդիրներ ունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.