2013-05-24 09:48:46

Հալէպի Հոգեւորականները Մայիս 24-ին Հոգեւոր Կրթութիւն Կը Կատարեն Աղօթելու` Արեւանգուած Երկու Եպիսկոպոսներու Ազատագրումին Համար։


Մէկ ամիս առաջ, 22 ապրիլ 2013-ին Ասորի` գերապայծառ Գրիգոր Իպրահիմ եւ Յոյն գերապայծառ Բոլ Եազիճի օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսներ արեւանգուեցան թրքական սահմանի վրայ։ Այս արեւանգումը վախ եւ անցկութիւն յարուցեց քաղաքի քրիստոնեայ բնակիչներուն մէջ արագցնելով գաղթի ալիքը։
Գաղտիացիներու առաջնորդ` Յիսուսեան Անթուան Օտօ եպիսկոպոսը մամուլին հաղորդած է որ 24 մայիսին Հալէպի Եկեղեցին հալէպի հոգեւորականներուն համար կազմակերպած է Հոգեւոր Կրթութիւն մը երկու եպիսկոպոսներու ազատագրումի դիտաւորութեան։
Յայտնենք որ անցեալ 18 մայիսին Հալէպի բոլոր եկեղեցիները կազմակերպած էին Սուրիոյ համար աղօթքի օր եւ այդ առթիւ հազարաւոր քրիստոնեաներ եկեղեցի ուղղուած են, հակառակ ռմբակոծումներու ու արեւանգումի վտանգին, մասնակցելու վերոյիշեալ հասարակաց աղօթքին։

Նոյնպէս` Յորդանանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը , որուն մասնակցած են աւելի քան 2 հազար անհատներ, սուրիացի երկու եպիսկոպոսներու ազատագրումին եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Լռելեայն աղօթքի քայլարշաւը սկիզբ առած էր Յոյն օրթոտոքս աթոռանիստ եկեղեցիէն մինչեւ ս. Եփրեմի Ասորի եկեղեցի, անցնելով Նազարէթի Տիրամօր Լատին եկեղեցիէն։ Գերապայծառ Մարուն Լահամ յանուն Յորդանանի տեղական եկեղեցիներուն յայտարարութիւն մը կարդացած է դատապարտելով սուրիացի երկու եպիսկոպոսներու արեւանգումը եւ աղօթք բարձրացնելով Ամենակալին որպէսզի անդորրութիւնը ու կայունութիւնը հաստատուին Սուրիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.