2013-05-24 11:11:16

«Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Խառնակութիւնները Երկարատեւ Պիտի Ըլլան» Կ՛Ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ «Եւրոպական անվտանգութեան զինուորական եւ քաղաքական երեւոյթները» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ «Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ խառնակութիւնները երկարատեւ պիտի ըլլան»: «Այդ խառնակութիւնները հաւանաբար պիտի առաջնորդեն շրջանը շրջանցող վտանգներու աճի»:
Ան յայտնեց, որ «Ռուսիա հետեւողականօրէն դէմ կ՛արտայայտուի միջազգային հարցերուն մէջ ուժի գործօնի դերակատարութեան յաւելման` շրջանային կայունութեան ամրապնդման նպատակով, կողմ` հաւանական սպառնալիքները քաղաքական-դիւանագիտական կամ այլ միջոցներով չէզոքացնելուն», ըսած է ան:
Ըստ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին, Մոսկուա պատրաստ է մասնակցելու համապատասխան համաձայնութիւններու ձեռք բերումին համաձայնութիւններ, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան իրաւահաւասարութեան, շահերու իրական քննարկման, իրարու մտահոգութիւնները հաշուի առնելու վրայ: Ան նշած է, որ գործընկերոջ թուլացման հաշուոյն սեփական անվտանգութեան ամրապնդումը կը յանգեցնէ միայն ոչ անհրաժեշտ լարուածութեան աճի:








All the contents on this site are copyrighted ©.