2013-05-24 11:11:34

«Արի Տուն-2013»ը Պիտի Սկսի 16 Յունիսին Եւ Աւարտի 31 Օգոստոսին


23 Մայիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»ի 2013 թուականի ծրագիրը գործադրող, համակարգող յանձնաժողովի եւ միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի առաջին միացեալ նիստը։
Ողջունելով ներկաները՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նշած է. «Տարին յոբելեանական է, 5րդ անգամ ենք ընդունում «Արի տուն» ծրագրով Հայաստան եկող երեխաներին: Ուզում եմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել գերատեսչութիւններին, վարչական շրջաններին, նրանց ղեկավարներին եւ հիւրընկալող համայնքներին ու ընտանիքներին: Այս ծրագիրը մեր բոլորի ծրագիրն է, ամբողջ հայ ժողովրդի ծրագիրը: «Արի տուն» ծրագիրը կենդանի կամուրջ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ»:
Ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին մասին զեկուցումով հանդէս եկած է «Արի տուն» ծրագիրի ղեկավար, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանը:
Նիստի մասնակիցներուն ներկայացուած է «Արի տուն» ծրագիրի 2009-2012 թուականներու ամփոփիչ հաշուետուութիւնը, 2013ի ծրագիրին մէջ տեղ գտած փոփոխութիւնները, նախապատրաստական աշխատանքները եւ ծրագրային յայտագիրը:
Ներկաները դիտած են «Արի տուն» 2012ի տեսերիզը, որմէ ետք տեղի ունեցած է ծրագիրի խնդիրներուն առնչուող քննարկում՝ ծրագիրի պատասխանատուներուն եւ նախարարութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
«Արի տուն-2013»ի ծրագիրով նախատեսուած են ճանաչողական այցելութիւններ, մշակութային միջոցառումներ: Ծրագիրին մասնակիցները 9 օր պիտի մնան հիւրընկալող ընտանիքներուն մօտ եւ 5 օր Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ: Կ՛ակնկալուի շուրջ 1000 երիտասարդի մասնակցութիւն:
Ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի 16 Յունիսին եւ 8 հանգրուանով իրականանալէ ետք պիտի աւարտի 31 Օգոստոսին: Նախորդ 4 տարիներուն ընթացքին «Արի տուն» ծրագիրով հայրենիք այցելած է շուրջ 3000 սփիւռքահայ պատանի եւ երիտասարդ:
Այս տարի ծրագիրը համալրուած է բովանդակային նոր բաղադրիչներով՝ հայոց լեզուի ամէնօրեայ դասընթացներով, որոնք տեղի պիտի ունենան Երեւանի Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոցին մէջ: Ընդարձակուած է շրջագայութիւններուն աշխարհագրութիւնը: 2013ին ծրագիրի մասնակիցներուն պիտի ընկերակցինք նաեւ մասնագէտ զբօսավարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.