2013-05-23 12:13:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Մայիս 23-ի Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի մայիս 23-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Էլ Սալվատորի հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Մաուրիցիո ֆունէս Գարդակենան ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ապա ժամը 11,30-ին Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոմիութեան եպիսկոպոսական դասերու յանձնախումբի նախագահական վարչութեան անդամներուն` յանձինս յանձնախումբի նախագահ` Կարտինալ Րէյնարտ Մարքսի, փոխ նախագահներ գերապայծառ Ճաննի Ամպրոզիօ, գերապայծառ Վիրճիլ Պէրսէա եւ գերապայծառ Ժան Գոգէրոլզ ու անոնց ընկերացող ընդհանուր քարտուղար` Հայր Բադրիք Տալի։Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ընդունեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան եւ յետ միջօրէի ժամը 6-ին Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի 250 անդամներուն մասնկացութեամբ` Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ ''հաւատոյ դաւանանքի'' արարողութիւնը։ Նշենք թէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր տարեկան լիանիստը գումարած է Վատիկանի մէջ 20 - 24 մայիս, եւ այսօրուայ հանդիպումը կը հանդիսանայ իտալացի եպիիսկոպոսներուն սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական այցելութիւններու եզրափակիչ հանդիպում։








All the contents on this site are copyrighted ©.