2013-05-23 12:23:06

''Քրիստոնեաները Թող Հաւատքի, Յոյսի Եւ Սիրոյ Աղը Տարածեն'' Կ՛ըսէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


Տոմուս Սանգդա Մարդայի Մատրան մէջ` հինգշաբթի 23 մայիսին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց քրիստոնեաները տարածել
''Հաւատքի, Յոյսի Եւ Սիրոյ Աղը'' ընդգծելով Քրիստոնէութեան առանձնայատկութիւնը որ ''միաձեւութիւն մը չէ'' ։ Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեցին, ի մէջ այլոց, Կարտինալական Դասի գահերէց` Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան եւ Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

''Աղը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - իմաստ ունի երբ կը համեմէ կերակուրը եւ աղը զոր մենք ընդունած ենք պէտք ենք նուիրել որպէսզի անհամ չդառնայ եւ իր ույժը չի կորսնցնէ։ Քրիստոնէութեան առանձնայատկութիւնը - շարունակեց Քահանայապետը - միաձեւութիւն մը չէ որովհետեւ ամէն մէկը կ՛ընդունուի իր անձնականութեամբ, իր իւրայատկութիւններով եւ իր մշակոյթով որ հարստութիւն մըն են։ Քրիստոնէութեան առանձնայատկութիւնը այս է` ամէն մէկը է ինչպէս որ է Տիրոջ շնորհած պարգեւներով։
Ֆրանչիկոս Պապը ապա հրաւիրեց ներկաները ''թանգարանի քրիստոնեաներ չդառնալու'' որովհետեւ - աւելցուց ան - առանց համի աղը բանի չի ծառայեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.