«Սուրիոյ բարեկամներ» խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Յորդանանի
մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ժողով մը գումարեցին: Ժողովին մասնակցեցան 11 պետութիւններ` Յորդանան,
Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ,
Բրիտանիա, Գերմանիա, Իտալիա, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութիւնը: Բրիտանիոյ արտաքին
գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Իրան
եւ անոր դաշնակից լիբանանեան Հըզպալլան կ՛աջակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր
պէտք եղածէն աւելի աջակցութիւն կը տրամադրեն»: Ան նշեց, որ Բրիտանիա միջազգային ուժերը
պիտի մղէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ տագնապի լուծման համար նախատեսուած
միջազգային խորհրդաժողովին թուական մը ճշդելու: Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային
համաձայնական մարմինը Սուրիական ազատ բանակի բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց «Քուսէյրի օգնութեան
փութալու», ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Քուսէյրի մէջ մարդասիրական միջանցք
մը բանալու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ
բանակը վերջին քանի մը օրերուն զինուորական ձեռքբերումներ արձանագրեց, սակայն անոնք ժամանակաւոր
են: Ան նշեց, որ իրենք յանձնառու են աշխատանք տանելու «Ժընեւ 1» ժողովի որոշումներուն
գործադրութեան համար միացեալ կեցուածքի մը հասնելու: Միւս կողմէ, Փենթակոնի բանբեր
Ճորճ Լիթըլ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երեքշաբթի
օր Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ
քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան մարզի եւ Սուրիոյ տագնապին
մէջ հարցերով գործակցութեան հարցը: «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատած է օրինագիծ մը, որ ամերիկացիներուն
կ՛արտօնէ զէնք տրամադրել սուրիացի ընդդիմադիրներուն: Յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես
յայտարարած է, որ Սուրիոյ դէպքերը կ՛ազդեն Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն վրայ:
Օրինագիծի հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ զէնք պէտք է տրամադրուի միայն այն զինեալներուն,
որոնք կը կիսեն ամերիկեան արժէքները եւ չեն ձգտիր Սուրիոյ մէջ իսլամական օրէնքներ հաստատել: Յանձնախումբին
կողմէ որդեգրուելէն ետք, օրինագիծը պիտի քննարկուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի լիագումար
նիստին, ապա հաստատման համար պիտի ուղարկուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային: Աւստրիոյ
պաշտպանութեան նախարար Կերհարտ Քլոկ յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի Եւրոպական Միութեան
կողմէ սուրիացի ընդդիմադիրներուն զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի վերացման
ջանքերուն` վստահեցնելով, որ «արգելքի վերացման որոշումը Աւստրիան պիտի մղէ կացութիւնը
վերստին գնահատելու»: Ան նշեց, որ «Սուրիա զէնք ուղարկելու արգելքի վերացման պարագային,
Աւստրիա կրնայ (ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող) իր զինուորները մօտ օրէն հեռացնել
Կոլանէն»: