2013-05-23 12:25:57

Մոսկուայ Պատրիարքը Լաւատես Է Չինաստանի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ապագային Նկատմամբ։


Չինացի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Վերածնունդը։


Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը անցեալ 11-15 մայիսին պաշտօնական այցելութիւն կատարած է Բեքին, Շանկհայի եւ Հարպին քաղաքներուն, ուր երեք դար առաջ օրթոտոքս եկեղեցին մուտք գործած էր։
Նախքան Չինաստանէն հեռանալը պատրիարքը մամուլին առջեւ հաստատած է որ ծրագիր մը մշակած է բարւոքելու Չինաստանի օրթոտոքս եկեղեցւոյ իրավիճակը։ Ան լուսաւոր ապագայ կը խոստանայ տեղական օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Պատրիարքը յայտնած է որ ներկայիս երկու չինացի աշակերտներ Ռուսիոյ աստուածաբանական համալսարանը կը յաճախեն։ Պատրիարքը նաեւ յայտնած է որ իր հովուական ճամբորդութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ երկու երկիրներու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններուն, ''յույսով եմ - ըսաւ գերեջանիկ Կիւրեղ պատրիարքը - որ իմ այս ճամբորդութիւնը եւս սատարէ երկու պետութիւններու կապերու ամրացումին ու զարգացումին։''








All the contents on this site are copyrighted ©.