2013-05-23 12:51:06

Հայաստանի Մէջ Ինսուլինի Արտադրութեան Գործարան Պիտի Հիմնուի


Կառավարութիւնը Մայիս 16-ի նիստին մօտ 3 միլիոն դրամ յատկացուցած է ինսուլինի արտադրութեան հայ-չինական ձեռնարկութեան ստեղծման ծրագրի իրականացման համար պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ մասնաւոր դրամագլուխի ներգրաւման նպատակով մրցոյթ կազմակերպելու, ծրագրի իրականացման համար օտարերկրեայ մամուլի մէջ շահագրգիռ կողմերուն հետաքրքրութեան յայտ ներկայացնելու հրաւէրի հրապարակման նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Մեր արդիւնաբերական քաղաքականութեան մէջ սա նոր մօտեցում է: Առաջին անգամ կառավարութիւնը հաւանութեան է արժանացնում մի ծրագիր, որը մենք ներկայացնում ենք մասնաւոր հատուածի ուշադրութեանը եւ ցանկանում ենք ներդրումներ ներգրաւել: Հասկանալի է, որ եթէ հաւանութեան ենք արժանացնում այս ծրագիրը, ապա այն պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան լուրջ հիմք է ստեղծում, որ պետութիւնն օժանդակելու եւ աջակցելու է ներդրողներին: Մասնաւորապէս, ենթադրւում է, որ 3-4 հա հեքթար հողատարածութիւն պէտք է ներգրաւուի գետնախնձոր արտադրելու համար, որը ինսուլինի արտադրութեան հիմնական հումքն է»,- ըսած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` նշելով, որ 1000-է աւելի աշխատատեղ պիտի ստեղծուի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս եւ շուրջ 300 աշխատատեղ` նոյն գործարանի մէջ:
Վարչապետի խօսքով` ծրագրի երկրորդ կարեւոր տարրը այն է, որ Հայաստան չինական կողմէն յայտ ունի ` այս ձեռնարկութեան մասնակցելու իբրեւ ներդրող, որովհետեւ այդ գիտարուեստը պիտի ներդնէ չինական կողմը եւ երկրորդը` չինական կողմը ներկայացուցած է երաշխիքային նամակ, որ 100%-ով կ’երաշխաւորէ արտադրուած ինսուլինի իրացումը, որ էապէս կը նուազեցնէ ներդրողներու ռիսքերը:
«ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է օժանդակել ներդրողներին, այդ թւում` իր մասնակցութեամբ նորաստեղծ ձեռնարկութիւնում: Մեր մասնակցութեան մասը պայմանաւորուած կը լինի նրանով, թէ ինչ յայտեր մենք կը ստանանք եւ ներդրողներն ինչ ծաւալի ներդրում պատրաստ կը լինեն իրականացնել: Ծրագիրը գնահատւում է 33 մլն դոլար: Քանի որ սա առաջին նման գործառոյթն է, որ մենք իրականացնում ենք, կարիք կայ, որ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնենք այս նոր գործիքին, որ մենք արդիւնաբերական քաղաքականութեան մէջ կիրառելու ենք այսուհետ»,- ըսած է Տիգրան Սարգսեան` աւելցնելով, որ հեղինակաւոր ամսագիրներու մէջ յայտարարութիւն հրապարակելը կը նշանակէ՝ ՀՀ ներդրողներու հետ միասին գրաւել նաեւ միջազգային ներդրողներու ուշադրութիւնը եւ կը հրաւիրեն զիրենք մասնակցելու ծրագրի իրականացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.