2013-05-23 13:08:45

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ


Դիակներու Աստիճանը
Երազի մէջ տեսած դէպքերու, երբեմն անծանօթ մարդոց ու այլ երեւոյթներու հաւատացող ու ըստ այնմ իրենց յառաջիկայ գործունէութիւնը տնօրինող անձերու միշտ կարելի է հանդիպիլ: Անոնք ամէն տեղ են, մինչեւ իսկ առաւօտները իրարու մօտ հաւաքուող եւ իրենց խմած սուրճի բաժակը երկար ատեն դիտող կիներու քով նստած, ու անոնց տարօրինակ մեկնաբանութիւնները լսելու պատրաստ:
Եբրայեցի ժողովուրդի նահապետներէն Յակոբ ալ իր երազին մէջ երկրէն մինչեւ երկինք հաստատուած աստիճան տեսաւ, որուն վրայէն հրեշտակներ կ՛իջնէին ու կ՛ելլէին:
Բնականօրէն այդ աստիճանները, անոնց վրայէն իջնող ու բարձրացող հրեշտակներուն նման, ու մանաւանդ երազի դիւթական պահուան մէջ տեսնուած ըլլալով, ոգեղէն աստիճաններ էին: Երանի՜ անոնց, որոնք նման աստիճաններու վրայէն բախտը կ՛ունենան մանաւանդ ելլելու, հասնելու համար երանական կեանքին, Աստուծոյ թագաւորութեան:
Աստիճանի մասին խօսած ատեն սակայն, ելլելու գործողութեան հետ անմիջականօրէն պէտք է յիշել նաեւ իջնելը: Որովհետեւ աստիճանը միայն ելլելու համար չէ՛, այլ նաեւ իջնելու համար: Միւս կողմէ, միայն երկինք ելլելու աստիճանը եթէ միա՛յն բարձրանալու համար ըլլար, կրնային համաձայնիլ միակողմանի ըլլալուն: Սակայն, կեանքի մէջ ամէն աստիճան պէտք է իջնելու հնարաւորութիւն եւս ընձեռէ բարձրացողին, որպէսզի չմնայ այնտեղ՝ ուր բարձրացած էր ժամանակաւոր աշխատանքի համար: Օրինակ, տուներ ու վաճառատուներ երբեմն երկրորդ յարկեր կ՛ունենան, ուր մարդիկ իրենց պահեստի ապրանքները կ՛ամբարեն: Եթէ այնպէս ըլլար որ բարձրացողը այնտեղ մնար, բանտարկութիւն պիտի ըլլար ատիկա իրեն համար, կամ ալ՝ պատիժ:
Սա նիւթեղէն աստիճաններու պարագան է: Սակայն կան նաեւ կեանքի աստիճանները, տարիքային աստիճանները, որոնց վրայէն կը բարձրանայ մարդ կամայ թէ ակամայ:
Աստիճանները ի՛նչ նիւթով ալ պատրաստուած ըլլան, կամ ինչքան ալ երկար կամ կարճ ըլլան, մէկ առ մէկ կարելի է բարձրանալ անոնց վրայէն: Կայ նաեւ աստիճան հասնելու նպատակի մը կամ դիրքի մը, սակայն պէտք չէ ամէն միջոց գործածել բարձրանալու ալ միայն բարի միջոցներ... այլապէս կը կառուցուի «դիակներու աստիճան»ը, որուն վրայէն բարձրանալով միայն կրնան վեր հասնիլ թշուառականներ: Բայց նոյնիսկ եթէ վեր բարձրանան դիակներու աստիճանէն, կարելի՞ է արդեօք նման բարձրացում իսկապէս կոչել նպատակի նուաճում…:
Ինչպէս յիշուեցաւ այս գրութեան մէջ, միայն երկինք բարձրանալու կամ յաւիտենական կեանք մտնելու աստիճանները մէկ ուղղութեամբ կ՛ընթանան…: Միւս ամէն աստիճանները, մանաւանդ կեանքի աստիճանները բոլորն ալ երկու ուղղութեամբ են: Ելլելուն հետ միշտ կայ նաեւ իջնելը։ Դիակներու աստիճանները բնաւ մարդը վեր չեն բարձրացներ: Միայն այդպէս կը թուի՛ թէ մարդ կը բարձրանայ անոնց վրայ կոխկռտելով: Սակայն, խորքին մէջ իւրաքանչիւր սանդղամատի դիակը պիտի փորձէ բռնել բարձրացողին գարշապարէն, յուշելու համար անոր իր սպանութեան պարագաները: Նման աստիճանի մինչեւ վերը բարձրացողը ո՛չ հանգիստ կը գտնէ եւ ո՛չ ալ երջանկութիւն: Իսկ «յաջողած մարդ»՝ բնաւ չի՛ կրնար ըլլալ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.