2013-05-22 12:18:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 22 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը, շարունակելով հաւատքի եւ Սուրբ Հոգւոյն մասին իր խորհրդածութիւնը անդրադարձաւ ''Եկեղեցւոյ աւետարանիչ առաքելութեան'' մասին։
Սերտ կապ մը կը միացնէ Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Սուրբ Հոգին կեանք կը պարգեւէ Եկեղեցւոյ ու կ՛օգնէ աւարտելու համար իր աւետարանաիչ առաքելութիւնը։
Այս առաքելութիւնը որ յանձնուած է ամէն մէկ հաւատացեալի, արդիւնաւոր կը դառնայ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ ։Ան է որ բանախօսին խօսքեր կ՛առաջարկէ եւ կը բանայ ունկնդրողին սիրտն ու հոգին ընկալելու համար Բարի Լուրը։
Աւետարանալու համար հարկաւոր է ամբողջովին յանձնուիլ Սուրբ Հոգիին ու թոյլ տալ որ Ան առաջնորդէ մեզ առանց վախի։ Սուրբ Հոգին մարդիկը կ՛առաջնորդէ հաղորդակցութեան ու զանոնք կը մղէ Աստուծոյ խօսքը հռչակելու նոր բարբառով որ բոլորին հասկնալի է` Սիրոյ բարբառը զոր Սուրբ Հոգին կը դնէ սրտերուն մէջ զանոնք հրաւիրելով յաղթահարել բաժանումներն ու անտարբերութիւնը։

Այսօր եւս Պենտեկոստէի բոցը մեզ կը մղէ դիմագրաւելու աւետարանցումի նոր ուղիներ որուն ակնաղբիւրը կը գտնուի Սուրբ Հոգիին աղերսական աղօթքին մէջ, առանց որուն մեր բոլոր գործը կը դառնայ դատարկ եւ անիմաստ։

Ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, սիրելի երիտասարդներ, ըլլայ սիրոյ դաստիարակ, ձեզի` սիրելի հիւանդներ նեցուկ կանգնի ձեր կեանքի դժուար եւ առանձնութեան պահերու ընթացքին եւ ձեզի` սիրելի նորապսակեալներ ըլլայ ընտանեկան կեանքի միութեան եւ ներդաշնակութեան օրինակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.