2013-05-22 10:08:57

ֆրանչիսկոա Քահանայապետը 23 Մայիսին Հանդիպում Կ'ունենայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Դասին Հետ։


Հինգշաբթի 23 մայիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոս տաճարին մէջ առաջին անգամուան համար իր խօսքը պիտի ուղղէ Իտալիոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն։ Այս հանդիպումը տեղի կ'ունենայ անհատաբար տեսակցելէ ետք իտալիոյ թեմերուն 250 առաջնորդներուն հետ, հինգամեայ կանոնական այցելութիւններու աւարտին։
Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ 28 ապրիլին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` կարտինալ Անճելօ Պանիասքոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց իր կամքը մասնակցելու եպիսկոսներու ընդհանուր ժողովին զոր տեղի կ՛ունենայ վատիկանի մէջ 20 - 24 մայիս եւ խնդրեց եկեղեցւոյ մարմնի կառոյցներու թեթեւացումը աւելի ոյժ տալով հովուական աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.