2013-05-22 12:40:48

Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Չինաստանի Կաթողիկեներու Ի Նպաստ։


Չորեքշաբթի 22 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին` ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց Չինաստանի ի նպաստ, որուն մէջ վերյիշեց Չինաստանի Շանկհայի Շէշանի Սրբավայրին ''Քրիստոնեաներու Օգնութեան Տիրամօր'' յառաջիկայ 24 մայիսին նշուելիք տօնը ու այդ առթիւ Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ, 2007-ին հռչակուած ''Չինաստանի Եկեղեցւոյ ի նպաստ Աղօթքի Օրը''։ ֆրանչիսկոս Պապը իր կոչին մէջ հրաւիրեց աշխարհի Կաթողիկէ բոլոր հաւատացեալները միանալու Չինսատանի եղբայր ու քոյրերու աղօթքին, Աստուծմէ հայցելով շնորհքը ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ հռչակելու խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը եւ հաւատարիմ մնալու Անոր եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետսրոսի յաջորդին։
Նորին Սրբութիւնը ապա Շէշանի Տիրամօր հետեւեալ աղօթքը արտասանեց '' Շէշանի Տիրամայր, նեցուկ եղիր բոլոր անոնց որ Չինաստանի մէջ, առօրեայի դժուարութիւններուն հանդերձ կը շարունակեն հաւատալ, յուսալ եւ սիրել, թող անոնք չի վարանին Յիսուսի մասին խօսելու աշխարհին եւ աշխարհի մասին Յիսուսի։''
Ֆրանչիկոս Պապը կոչը եզրափակեց ըսելով. Մարիամ, հաւատարիմ Կոյս, նեցուկ կանգնի Չինացի կաթողիկեներուն, անոնց դժուար պարտականութիւնները աւելի թանկարժէք դարձնէ Տիրոջ աչքերուն եւ աճեցնէ Չինաստանի եկեղեցւոյ մասնակցութիւնն ու կորովը Տիեզերական Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան ճանպարհով։








All the contents on this site are copyrighted ©.