2013-05-22 12:55:08

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Խօսքը
Քահանայապետական շքանշանի տուչութեան առթիւ Գրիգոր Ճապուրեանին
Այնճար - 19.5.2013


«ՏԷՐ, ՍԻՐԵՑԻ ԶՎԱՅԵԼՉՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆ ՔՈՅ» (Սղ 15,8)

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր
Հոգեշնորհ Սրբազան հայր
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան ներկայացուցիչ
Գերյարգելի, Գերապատիւ ու Արժանապատիւ հայրեր եւ Սարկաւագներ
Պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ
Պատուարժան Ճապուրեան ընտանիքի հարազատներ եւ պատուական Այնճարի հաւատացեալներ,

Սուրբ Եկեղեցիին, Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին, անդամ անդամուհիները, կը կազմենք մենք՝ մեռոնաբոյր ջուրով կնքուածներս, եւ Սուրբ Հոգիին իւղով դրոշմուածներս: Ուստի, պարտաւորութիւնն ունինք գեղեցկացնելու եւ բարեզարդելու սրբութեամբ եւ վայելչութեամբ Աստուծոյ թէ՛ արտաքին տաճարը, որ է կառուցուած եկեղեցին եւ թէ՛ մանաւանդ ներքին տաճարը՝ մեր հոգիները։

«Իմ տունս՝ աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» (Ես 56,7 ; Ղկ 19,46) կը հրահանգէ Յիսուս, այսինքն՝ Եկեղեցին պաշտամունքի եւ երկրպագութեան ամէնէն պատշաճ վայրը պէտք է ըլլայ եւ մնայ՛։

Ներշնչուելով սաղմոսերգուին խօսքէն եւ մեր Տիրոջ հրահանգին անսալով, մէկուկէս տարուայ ընթացքին նորոգուեցաւ, վերաշինուեցաւ եւ գեղակերտուեցաւ Աստուծոյ այս տաճարը, որ մակագրուած է «Ս. Վարդարանի Տիրամայր»-ին։

Երբ քիչ առաջ կ'օծէի այս նորաշէն խորանը, մտաբերեցի այն նուիրական պահը, երբ իմ երջանկայիշատակ նախորդներէս՝ Վսեմափայլ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, 14 Նոյեմբեր 1954-ին, մօտ 60 տարի առաջ, օծեց այս նորակերտ եկեղեցին, որ դարձաւ մեր հաւատացեալներուն համար աղօթքի տունը եւ Այնճարի հասարակութեան վայրը ։

Այս սրբազան պահուն, հոգելոյս Աղաճանեան Հոգեւոր Տիրոջ անունին հետ, խնկաբոյր աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշեմ նաեւ այն հանգուցեալ եւ ապրող հոգեւոր հովիւները, եւ ի մասնաւորի ներկայ ժողովրդապետը՝ Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին եւ կը շարունակեն ծառայել մեր զաւակներուն եւ այս պանծալի հայաւանին՝ Այնճար։

Ստուգիւ, Այնճարի մէջ աշխատած հոգեւորականներուն, մայրապետներուն եւ անոնց աշխարհական աջակիցներուն կը պարտինք այսօրուայ աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ օրը, որ կոչուած է մնալու պատմական թուական մը Այնճարի տարեգրութեան եւ մեր Եկեղեցիին ժամանակագրութեան մէջ։

Պատշաճ է այս առիթով, սրտաբուխ երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ դրսեւորել, որ, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Աստուածամօր միջնորդութեամբ, այս գեղեցիկ օրը կը պարտինք այն բոլոր նուիրեալ անձերուն, որոնք իրագործեցին այս շինարարական ձեռնարկը, որոնց առաջինն է մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին հաւատացեալ զաւակը, զոր պարգեւատրելու համար նաեւ հաւաքուած ենք հոս՝ Մագիստրոս Գրիգոր Ճապուրեան:

Պր. Ճապուրեան մարաշցի հօր եւ մուսալեռցի մօր բարեպաշտութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը ժառանգեց ծնողական յարկէն, որուն իրենց արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը բերին այն դպրոցները, ինչպէս՝ Մեսրոպեան Երկրորդական վարժարանը եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, զորոնք յաճախեց 1966էն-1973 տարիներու ընթացքին։ Յետոյ, Ֆրանսայի մէջ, ան երկրորդականի ուսումը վերջացնելէ ետք 1975-ին, Հայաստանի մէջ «Երեւանի Պետական Փօլիթեքնիք Ինստիտուտ»-ը աւարտեց 1981-ին «Մագիստրոս» աստիճանով՝ իբր ելեկտրական ճարտարագէտ։

Տիար Ճապուրեան, որ ամուսնացած է Քրիսթին Ճօնսին հետ, իր միջազգային մակարդակով յաջողած, լաւ ճանչցուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն է, թէ՛ իր բազմաճիւղ ասպարէզին եւ թէ՛ իր ընկերային շրջապատին մէջ։

Ան՝ որպէս աստուածավախ եկեղեցասէր, ազգասէր եւ հայրենօգուտ հայ մարդ եւ հայ կաթողիկէ, հաւատարմութեամբ կը կատարէ իր ամենօրեայ աղօթքները՝ սնունդը անոր հոգիին եւ ազդակն անոր յաջողութեան։

Տիար Գրիգոր Ճապուրեա՛ն, այս Ձեր արտաքին ու ներքին բարեմասնութիւններուն եւ Ձեր բարեգործութիւններուն համար, Նորին Սրպութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Ձեզ արժանի համարեց պարգեւատրել «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Քահանայապետական Շքանշան»-ով:

Այս պատուաբեր պարգեւատրումին առիթով, սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեր ազնուափայլ տիկինը, հոս ներկայ Ձեր քոյրն ու եղբայրները իրենց ընտանիքներով, ինչպէս նաեւ Ձեր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները, բայց նաեւ Ձեր ու Մեր Այնճարը, Ձեր ու Մեր Համայնքը։

Յոյժ սիրելիներ, այս հոգեպարար արարողութեան եւ պատուաբեր պարգեւատրումին առիթով, ձեզ բոլորդ կ'օրհնեմ եւ կ'աղօթեմ կրկնելով մեր Ս. Պատարագէն այս ամենօրեայ խնդրանքը, բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին, ըսելով. «Դուն, որ կ'օրհնես Քեզ օրհնողները, ո՜վ Տէր, եւ կը սրբացնես Քեզի ապաւինողներս, փրկէ՛ Քու այս ժողովուրդդ եւ օրհնէ՛ այս ժառանգութիւնդ։ Պահպանէ՛ ամբողջութիւնը Քու Եկեղեցիիդ։ Սրբացո՛ւր այն բոլորը, որոնք սիրով ողջունեցին Քու Տունիդ վայելչութիւնը». Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.