2013-05-21 13:31:25

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կ՛այցելէ ''Մարիամու Պարգեւ - Հիւրընկալութեան Տունը ''


Հանդիպում ''Գթութեան առաքեալներ Միաբանութեան քոյրերուն, աղքատներուն եւ կամաւորներուն հետ։

Երեքշաբթի 21 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Վատիկանի պարիսպներէն ներս գտնուող աղքատներու յատկացուած հիւրընկալութեան տունը անոր հիմնարկութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ։

Արդարեւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը 21 մայիս 1988 -ին վերոյիշեալ Տունը յատկացուցած էր աղքատներու հիւրընկալութեան եւ խնամատարութեան անոր մատակարարութիւնը յանձնելով Գալգութայի Մայր Թերեզայի ''գթութեան քոյրեր'' միաբանութեան որ ամէն օր կը հիւրընկալեն Հռոմի աղքատները անոնց ապահովցնելով ամէնօրեայ սնունդ եւ տասնեակ հիւնադ կիներու խնամատարութիւն։ Բարեսիրական այս գործին մէջ կրօնաւորուհիներուն կ՛աջակցին այլ կամաւորներ եւ ընկերակցութիւններու անդամներ։

ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր քահանայապետութեան ընթացքին (1978 - 2005) 8 անգամ այցելած էր վերոյիշեալ կեդրոնը մինչ Պենետիկտոս ԺԶ-ը մէկ անգամ այցելած էր զայն, 2008-ի յունուարին։ ֆրանչիսկոս Պապը որ քահանայապետութեան առաջին օրերէն իսկ իղձ յայտնած էր ունենալու ''աղքատ Եկեղեցի մը աղքատներուն համար'', ընդարաջ կ՛երթայ ''գթութեան քոյրերու'' խնամատարութեան յանձնուած կարիքաւորներուն։
Պենետկտոս վաստակաւոր Քահանայապետը 2008-ի կատարած իր այցելութեան ընթացքին արտասանած իր խօսին մէջ կոչ ուղղած էր ըսելով ''Աւետարանի սիրոյ այս արտայայտումը, թող դրոշմէ եւ յատկանշէ ձեր կոչումը որպէսզի նիւթական օժանդակութենէն անդին կարենաք առօրեային մէջ փոխանցել Քրիստոսի խանդավառութիւնը եւ Աստուծոյ լուսաւոր ժպիտը որ յատկանշեց Մայր Թերեզայի կեանքը։
Յայտնենք որ Գթութեան քոյրերու միաբանութինը հիմնուած է 1950-ին, Գալգութայի Մայր Թերեզայի ջանքերով։ Միաբանութիւնը ներկայիս կը գործէ հինգ ցամաքամասերու մէջ եւ իր նուիրական գործունէութիւնը յատկացուցած է աղքատներուն, ընչազուրկերուն, սիտայի հիւանդներուն, տարեցներուն, բորոտներուն եւ այլ հիւանդութիւնները տարապողներուն խնամատարութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.