2013-05-21 13:45:37

''Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Իրավիճակը'' Խորագրով Համաժողով։


21 - 25 մայիս Պէյրութի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը'' խորագրով համաժողով մը կազմակերպուած` '' Notre-Dame du Mont'' մենաստանին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։ Վերոյիշեալ համաժողովին գաղափարը յառաջ եկած էր 2011-ին գումարուած ''միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի'' լիանսիտ ժողովէն, քննարկելու նպատակով ''քրիստոնէութեան վկայութիւնն ու ներկայութիւնը միջին արեւելքի մէջ''։
Համաժողովին զեկուցողներու շարքին են` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար` Օլավ Թուէյթ, լիբանանցի նախկին նախարար Թարըք Միդրի եւ պաղեստինցի դիւանագէտ Աֆիֆ Սաֆիէ ինչպէս նաեւ Ղպտի գիտնական` Սամիր Մարքոս։
Համաժողովը կը վարէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Հայր Միշել Ժալախ։








All the contents on this site are copyrighted ©.