2013-05-21 13:31:00

Կարտինալ Պանեասքօ Բացումը Կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Ընդհանուր Ժողովին։


20 Մայիսին սկիզբ առաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի ընդհանուր Ժողովը։ Այս առթիւ իր բացման զեկոյցին մէջ` կարտինալ Պանեասքօ` նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ըսաւ. ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կրնայ վստահիլ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու աննկուն եւ անխախտ նեցուկին։ Սրբազան Քահանայապետը բնաւ ''առանձին պիտի չըլլայ'' երաշխաւորեց նախագահը ընգծելով ''Իտալիոյ եկեղեցւոյ անկեղծ ու առատաձեռն հնազանդութիւնը'' Անոր որ գահերէցն է Իտալիոյ Եկեղեցւոյ։ Ան նաեւ գովեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Անոր յայտնելով երախտագիտութիւն ''8 տարիներու լուսաւոր քահանայապետութեան'' համար։
Կարտինալ Պանեասքօ իր երկարաշունչ զեկոյցին մէջ շօշափեց զանազան նիւթեր հայող` Իտալիոյ տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական կեանքին մասնաւորապէս շեշտը դնելով ընտանիքի վրայ որ - ըսաւ Ան - կը կազմէ մարդկութեան կարեւորագոյն ժառանգութիւնը։ Խօսքը ուղղելով ապա երկրի ղեկաւարներուն անոնցմէ խնդրեց որ հետաքրքրուին ու աշխատին մարդոց ի շահ, մէկդի դնելով կուսակցական եւ անձնական շահերը։
Նշենք որ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր ժողովը Վատիկան կը գումարուի 20-24 մայիս։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առաջին անգամուան համար խօսք պիտի առնէ եպիսկոպոսական դասին առջեւ, 23 մայիսի յետմիջօրէին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ ։ Այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ շուրջ 250 եպիսկոպոսներու հինգամեայ կանոնական հանդիպումներու աւարտին








All the contents on this site are copyrighted ©.