2013-05-21 13:31:36

«Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները


Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները, գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, 15 մայիս 2013-ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն` 16 եւ 17 մայիս 2013-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր` 14 զեկուցումներով: Ընդհանուր առմամբ եղան քսաներկու ելոյթներ` իբրեւ ներածական խօսք, արժեւորում, զեկուցում եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ:
Ներկայացուած նիւթերը քննեցին հայկական անդրսահմանային տարածականութեան ծիրին համար օգտագործուող հաղորդակցական դասական-աւանդական թէ նորագոյն միջոցները, անոնց արդիւնաւէտութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, խոչընդոտները:
Զեկուցողները բացայայտեցին հայկական տարբեր նիւթերու` Հայ դատի, կրթութեան, հայագիտութեան, եկեղեցական հաղորդակցութեան, երիտասարդական խմբաւորումներու, բարեսիրական գործունէութեան, դրամահաւաքի, Հայաստանի Հանրապետութեան պատկերի (իմեճ), նախաեղեռնեան օսմանեան հայութեան առօրեայի վերականգնումի, հայկական հեռատեսիլի, մշակոյթի, դասագիրքերու, արխիւային նիւթերու հաւաքումի եւ նման այլ ձեռնարկներու համար օգտագործուող հաղորդակցական միջոցները եւ ռազմավարութիւնը:
Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն պարզուեցան վերոյիշեալ կալուածներու իւրայատկութիւնները, ընդհանրութիւնները, փոխգործակցութեան գործնական կարելիութիւնները:
Գիտաժողովի ամբողջ ընթացքին մնայուն հարցադրում դարձան ներհայկական հաղորդակցական նիւթերը եւ այն շարժառիթները, որոնք կը մղեն ներհայկական հաղորդակցութեան: Ի յայտ եկաւ, որ տակաւին շատ նիւթեր ու պարագաներ հայութիւնը իրար կը միացնեն եւ կը շաղկապեն:
Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր մասնակցութիւնը Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու, որոնք իրենց փորձառութիւնը կիսեցին մասնակիցներուն հետ: Այս առումով, անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ թէ՛ սերնդափոխութեան, թէ՛ միջոցներու որդեգրման եւ թէ՛ մօտեցումներու-մեթոտներու երեւոյթները:








All the contents on this site are copyrighted ©.