2013-05-20 09:22:40

Թուրքիոյ Գերագոյն Ատեանը Կը Յայտարարէ. «Տինքի Սպանութիւնը Կազմակերպուած Ոճիր Մըն Էր Եւ Ոչ Թէ Անհատական Արարք»:


«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ երագոյն վերադատ ատեանը բեկանած է դատական նախկին վճիռը, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատապարտեալները անպարտ հռչակած էր քրէական կազմակերպութեան մը անդամակցութեան յանցանքէն` յայտնելով, որ սպանութիւնը գործուած էր զինեալ քրէական խմբակի մը կողմէ:
Դատարանը երէկ հրապարակած իր որոշումով վաւերացուց կասկածեալներուն դէմ արձակուած վճիռները, սակայն բեկանեց այն վճիռը, որ զիրենք անպարտ կը նկատէր քրէական խմբակի մը հետ կապ ունենալու մեղադրանքէն:
Նախկին վճիռը, ըստ որուն, Տինքի սպանութեան մէջ քրէական խմբակի մասնակցութիւն չկայ, մեծապէս վիճելի էր եւ Թուրքիոյ մէջ բանավէճ յարուցած:
Կասկածեալները այժմ դարձեալ Պոլսոյ մէջ պիտի դատուին այն դատարանին կողմէ, որ նախկին վճիռները արձակած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.