2013-05-19 08:32:34

ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ - ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ


Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն այսօր Հոգեգալուստ է:
Տէր Յիսուսի հրաշափառ Յարութենէն 50 օրեր ետք, Պենտեկոստէի տօնին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Հոգիին Գալուստը:

Պենտեկոստէն, կրօնական տօն մըն էր որ կը կատարուէր Զատկէն 50 օր ետքը, ուր կը տօնուէր Հունձքին տօնը եւ կը յիշատակուէր տասը պատուիրաններուն Մովսէսի տրուիլը՝ Սինա լերան վրայ:

Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսի ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան Հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմ. 1.7):

Սուրբ Հոգիի պարգեւներէն կը նկատուի քաջութեան, զօրութեան եւ անվախութեան պարգեւը:

Որքան որ շատ ըլլան յուսալքումի, յոռետեսութեան, յուսահատութեան ճնշուածութիւնները եւ պարագաները եւ որքան որ մութ ու տագնապալից ըլլայ մեր ապրած կեանքը եւ անորոշ ըլլայ ապագան, տակաւին պէտք չէ երկչոտ ըլլալ ու վախնալ, որովհետեւ Աստուած կը լեցնէ մեզ Իր Սուրբ Հոգիին զօրութիւնով. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռովմ. 8.31):

Հոգեգալուստի օրուան մէջ թող մեր աղօթքը ըլլայ.- «Ով Տէր, վանէ մեր մէջէն երկչոտու-թեան հոգին եւ լեցուր մեզ Քու՝ Զօրութեան, Սիրոյ եւ Զգաստութեան Հոգիով»: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.