2013-05-18 12:20:58

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Հոգեգալստեան Տօնի Նախօրեակի Աղօթքի Հսկումը։


Շաբաթ 18 մայիսի առաւօտեան ժամը 7-ին, ինչպէս ամէն օր մատուցած պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը զգուշացուց քրիստոնեաները ''ուրիշի գործերուն մէջ խառնուիլ''։ Ան ապա ընդգծեց թէ ''շատախօսութիւնն ու նախանձը'' ցաւ կը պատճառեն համայն քրիստոնեայ հասարակութեան եւ կարելի չէ միմիայն ''մեր հաշւոյն յարմար իրողութիւններու կէսը պատմել'' անտեսելով միւս կէսը։ Այս մէկը ապատեղեկատուութիւն, բամբասանք եւ զրպարտութիւն կը համարուի։ Ապատեղեկատուութիւն, բամբասանք եւ զրպարտութիւնը մեղք նկատուած են - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - խրախուսելով քրիստոնեաները հետեւելու Յիսուսին որուն չի հետաքրքրեր եթէ ''մեծ ենք կամ փոքր'' այլ միայն եթէ լի ենք Իր սիրով։
ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ժամը 11-ին վատիկանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Վարաչապետ Անկէլա Մերքելը
Հանդիպումին ընթացքին յիշեցին երկար տարիներու պատմութիւնը եւ Սուրբ Աթոռի եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնը ։Մասնաւորաբար շօշափեցին հետեւեալ նիւթերը . ընկերային քաղաքական, տնտեսական, եւ կղերական կացութիւնը Երւոպայի եւ աշխարհի մէջ ։Ապա խօսեցան մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին, քրիստոնեաներու հանդէպ մղուած հալածանքները, կրօնքի ազատութիւն եւ միջազգային համագործակցութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11,30-ին յաջորդաբար ընդունեց Լիպէրիոյ առաքելական դեսպանը գերապայծառ Միրոզլավ Ատամչիզք եւ հաւատոյ ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Կէրարտ Միւլլէրը։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, կը նախագահէ Հոգեգալստեան տօնի նախօրեակին, հաւատոյ տարուայ առթիւ կազմակերպուած` աղօթքի հսկումը, մասնակցութեամբ Եկեղեցական շարժումներու անդամներուն եւ նորաստեղծ աշխարհական հասարակութիւններու, ընկերակցութիւններու եւ խմբակցութիւններուն որոնք հռոմ կը գտնուին նշելու համար իրենց համար յատկացուած Օրը։ Սոյն նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է ''Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի'' առաջարկով, Հաւատաոյ Տարուայ ծրագիրներու ծիրեն ներս եւ ունի որպէս բնաբան ''Ես կը հաւատամ, աւելցուր մեր հաւատքը''։ Եկեղեցական շարժումներու եւ աշխարհական նորաստեղծ խմբակցութիւններու օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ շաբաթ առաւօտեան ժամը 7-ին, ս. Պետրոսի դամբանին ուխտագնացութեամբ ապա յետ միջօրէին ժամը 15 էն Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկումի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը ներկայացուին հոգեւոր երգեցողութիւններ, վկայութիւններ եւ խորհրդածութիւններ, սպասելով ֆրանչիսկոս Պապի ժամանումին որ պիտի գլխաւորէ արարողութիւնը։ Կիրակի 19 մայսին, Հոգեգալստեան տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ ֆրանչիսկոս Պապին եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 120 հազար Եկեղեցական շարժումներու եւ աշխարհական նորաստեղծ խմբակցութիւններու անդամներուն։
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը, նոյն վայրէն, պիտի արտասանէ Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.