2013-05-18 11:52:23

Թուրքիոյ Քրիստոնեաներու Ներկայ Իրավիճակը։


Եկեղեցին երկրէն անյետացած չէ այլ յեղաշրջեցաւ գաղթականներու հետեւանքով։

Տոմինիքեան հայրերու Պոլիսի ընդհանուր մեծաւորը` խօսելով թուրքիոյ եկեղեցւոյ մասին ըսաւ. ''Եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ անյետացած չէ այլ անոր դիմագիծը յեղաշրջեցաւ. քրիստոնեայ հին բնակիչները ծերացան ու անոնց զաւակները օտարութեան ճամբան առին։ Անոնց տեղ հաստատուեցան Ափրիկէէն, Փիլիփփեայէն, Լեհաստանէն, Ռուսիայէն ու Ռումանիայէն եկած քրիստոնեաներ։
Փոքրաթիւ կաթողիկէ եկեղեցին իրաւականօրէն գոյութիւն չունի, Պետութիւնը միմիայն Ս. Աթոռը կը ճանչնայ եւ Անքարայաի մէջ կայ առաքեալական դեսպանտուն։ Տոմինիքեանները միջին դարէն ասդին Թուրքիայ հաստատուած են, ամէն տարի տուգանք կը վճառեն սակայն անոնք վանքին տէրը չեն` իրաւական իմաստով։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը կազմուած է հինգ անդամներէ. երկու լատին եպիսկոպոս, հայ եպիսկոպոս` յանձին արհ. Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ջոլաքեանի եւ ասորի ու գաղտիացի երկու առաքելական տեղապահներ։ Այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, միմիայն եկեղեցիներուն մէջ կարելի է աւետարանութիւն կատարել։ Արգիլուած է Աւետարանը քարոզել մահմետականներուն, անոնց համար դաւանափոխութիւնը կարելի չէ, եւ երկխօսութիւնը կը մնայ յարաբերութիւններ մշակելու միակ կարելիութիւնը։ Յայտնենք որ Թուրքիոյ բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 76 միլիոն, որոնց 250 հազարը զանազան համայնքներու պատկան քրիստոնեաներ են։ Հայերը մեծագոյն թիւը կը կազմեն` շուրջ 65 հազար։








All the contents on this site are copyrighted ©.