2013-05-17 12:57:28

Սուրիոյ Գծով ՄԱԿ-ի Որդեգրած Բանաձեւին Թեր Եւ Դէմ Կարծիքներ


Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրումը արաբական բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու եւ սպանութեանց մագլցումը, ինչպէս նաեւ «սուրիական իշխանութեանց կողմէ մարդկային իրաւանց ահաւոր խախտումներու շարունակումը»` նշելով, որ «յանուն խումբ մը երկիրներու Քաթարի ներկայացուցած որոշումը սուրիացի եղբայրներուն ապրած ցաւալի աղէտին վերջ տալու համար շրջանային ու միջազգային ջանքերուն ծիրին մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ քայլ մը կը ներկայացնէ»:
Զայանի ըսաւ, որ «որոշումը սուրիացի արաբ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն աշխարհի պետութեանց մեծամասնութեան մերժումն ու բուռն դատապարտումը կ՛արտայայտէ»: Ան յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքի կամքը համընկնի սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ անոր արդար ձգտումները իրականացնելու անհրաժեշտութեան` հեռու մնալով այժմէական նեղ շահերէն:
Եւրոպական Միութիւնը եւս ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին որդեգրած բանաձեւը:
Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ափրիկէի կառավարութեան բանբեր Ֆումլա Ուիլիըմզ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է «Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելու, որպէսզի սուրիացիները իրենք կարենան տագնապին լուծում մը գտնել»:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը երէկ որդեգրեց բանաձեւ մը, ըստ որուն, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը կ՛ընդունուին իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի «օրինական ներկայացուցիչներ»: ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներէն միայն 12-ը անոր դէմ քուէարկեցին:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ քննադատեց «Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ միջազգային հակազդեցութիւնը»` յայտնելով, որ ատիկա «միայն խօսք է»:
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-էն աղբիւր մը նախատեսած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը գումարուի 10-էն 12 յունիսի միջեւ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս միջազգային գործընկերներու հետ կը քննարկէ «Ժընեւ-2»-ի մասնակիցներու հարցը: Ան մերժեց մեկնաբանել Իրանի մասնակցութեան վրայ Ռուսիոյ պնդումը:
Մինչ այդ, Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ սուրիական ընկերութեան բաղադրիչ բոլոր տարրերուն հետ երկխօսութիւն կատարելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.