2013-05-17 12:42:29

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն


Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, 17 - 19 մայիս հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայ ուր շաբաթ 18 մայսիսի երեկոյեան պիտի նախագահէ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը որուն ընթացքին գերապայծառ Խօսէ Րոտրիկէզ Գարպալլոն` Փոքր եղբայրներու ֆրանչիսկեան միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորը Եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրէ։ Յայտնենք որ գերապայծառ Գարպալլոն անցեալ 6 ապրիլին ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ անուանուեցաւ Առաքեալական կեանքի եւ Նուրիեալ անձերու Ժողովի քարտուղար։








All the contents on this site are copyrighted ©.