2013-05-17 12:51:44

Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւը հաւատացելոց՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը
(2)



Եկեղեցւոյ սուրբ Խորհուրդներուն ամէնէն գերազանցը՝ Ս. Հաղորդութիւնն է: Միւս Խորհուրդները հոգիին կու տան շնորհքը, իսկ Ս. Հաղորդութիւնը ինքնիր մէջ շնորհքներու շնորհքն է, այսինքն՝ Աստուած: Միւս խորհուրդները հաստատուած են ու սահմնանուած պատրաստելու հոգին՝ ընդունելու կամ մատակարարելու Ս. Հաղորդութիւնը, որ հոգեւոր կեանքի վախճանն է: Ս. Մարմինովն է որ հոգին կը միանայ Տիրոջ, կազմելով մէկ մարմին Անոր հետ. « Ով որ իմ մարմինս ճաշակէ՝ մէջս կը մնայ եւ ես իր մէջ» (Յովհ. Զ. 57)
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՛ըսէ. «Յիսուս իր մարմինը մեզի յարմարցուց, որպէսզի իրեն միանալով մէկ մարմին կազմենք, խառնուինք իրարու՝ նման հալած մոմերու»:
Հետեւաբար Սուրբ Հաղորդութիւնը քրիստոնէից համար մեծ զօրութիւն մըն է, ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն. «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ ուրկէ ինծի պիտի գայ օգնութիւն. իմ փրկութիւնս Տիրոջմէն է ... (Սաղմ. 121, 1-2)
Յիսուս աշակերտներէն բաժնուելու վրայ էր, երբ անոնց սրտաշարժ կերպով կ՛ըսէ. «Զաւակներս, ահա՛ ձեզ կը թողում վերադառնալու համար իմ Հօրս քով, բայց, մխիթարուեցէ՛ք, քանզի որբ պիտի չթողում ձեզ, ձեզի պիտի գամ նորէն»:
Այո՛, ամենասուրբ Հաղորդութեամբ, Յիսուս հաւատացելոց կու գայ իբրեւ Սիրոյ Աստուած, իբրեւ նեցուկ, բարեկամ եւ ուխտաւորութեան ընկեր: Իր անձը կը նուիրէ, մարդոց օգնութեան հասնելու, եւ անոնց ցաւերուն մէջ մխիթարելու համար:
Սուրբ Հաղորդութիւնը քրիստոնէից համար մխիթարութեան աղբիւր է. «Ինծի եկէ՛ք ամէնքդ որ յոգնած եւ բեռնաւորուած էք, եւ ես ձեզ պիտի յանգեչցնեմ, ձեզ պիտի մխիթարեմ (Մատթ. 11, 28): Այլ խօսքով՝ Յիսուս հաւատացելոց կը հրաւիրէ ըսելով. ինծի եկէ՛ք ամէնքդ, ի՛նչ որ ալ ըլլան ձեր վիշտերն ու տառապանքները, եկէ՛ք գերագոյն բժշկին, եկէ՛ք ձեր Հօրը, ձեր մխիթարիչին. անոր քով ամէն վիշտ ու ցաւ կ՛անհետանայ եւ նուազ լեղի կը հանդիսանայ: Եկէ՛ք, նստեցէք յաճախ անոր սուրբ սեղանը եւ, նորէն վայելեցէք այն անճառ զգացումները, զորս ունեցաք ձեր առաջին Հաղորդութեան օրը. ահա՛, այսպէս նախափորձեցէք, աշխարհիս վրայ, այն սուրբ եւ անմահ բերկրանքը որ ձեզի կը սպասէ երկինքի մէջ:
Սուրբ Հաղորդութիւնն է որ հաւատացելոց կու տայ ներքին խաղաղութիւն եւ սէր առաքինութեան հանդէպ:
Սուրբ Հաղորդութիւնն է որ կը հեղու հաւատացելոց հոգիին մէջ աստուածային սէրը: Յիսուս ըսաւ թէ ինք աշխարհ եկած է վառելու մարդոց սրտերը աստուածային սիրով. « Կրակ ձգելու համար եկած եմ երկրի վրայ, եւ որքան կը փափաքին թէ արդէն իսկ բորբոքած ըլլար» (Ղուկաս 11, 49)








All the contents on this site are copyrighted ©.