2013-05-16 14:09:04

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


«Ընելիքդ Շուտո՛վ Ըրէ…» Քաղուած՝ ԳՐ. Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի յօդուածէն։
Յիսուսի խօսքն է այս, զոր իր երեքամեայ առաքելութեան աւարտին, ամէնէն նուիրական պահուն, երբ հաւաքուած էր իր աշակերտներով Վերջին Ընթրիքը կատարելու եւ Հաղորդութեան սուրբ խորհուրդը հաստատելու, զինք մատնելու նախապատրաստութիւն տեսնող Յուդային ըսաւ. '' Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ'':
Միւս Աշակերտները այդ պահուն չհասկցան, թէ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր: Որովհետեւ Յուդային մօտ կը գտնուէր իրենց հաւաքական գանձանակը ու սովորութիւն էր ամէն տօնի առիթով ատոր մէջէն բաժին հանել աղքատներուն: Հետեւաբար մնացեալ աշակերտները այնպէս խորհեցան, թէ Յիսուս Յուդային կը թելադրէր երթալ ու տօնի առիթով շուտով աղքատներուն նիւթական օժանդակութիւն բաշխել:
Ի՞նչ էր Յուդայի «ընելիք»ը այդ գիշեր:
Ան պիտի երթար ու ամէնէն ստոր միջոցներով՝ երեսուն արծաթի նիւթական վարձատրութեան ի խնդիր, հրեայ քահանաներուն պիտի մատնէր երկնառաք Վարդապետը:
Աշխատանքը արագ ընելու, շուտով իր աւարտին հասցնելու աշխատասիրութիւնը մի՛շտ գովելի եղած է ընկերային կեանքի մէջ: Գործատէրեր, պատասխանատուներ, մեծաւորներ ու իշխանաւորներ միշտ փափաքած են գործունեայ, աշխատասէր, աշխոյժ ու արթուն պաշտօնեաներ կամ փոքրաւորներ ունենալ իրենց ձեռքին տակ, որպէսզի անոնց միջոցաւ կարենան շուտով կատարել այն աշխատանքները, որոնցմով պիտի իրագործուին իրենց դիմաց դրուած մեծ թէ փոքր ծրագիրները:
՜՜Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ՝՝ խօսքը տարակուսող կամ տատամսող անձին համար որոշ ոյժ մըն է ։ Կրնայ իսկապէս ուղղութիւն տալ անոր, կարեւորը որ ընելիքը ըլլայ բարի գործ մը... Երբեմն ալ եթէ բարի գործ մը կամ ծրագիր մը չէ ՜՜Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ՝՝ն կրնայ զգաստութեան հրաւիրել զգացնել թէ՝ մենք գիտե՛նք թէ ի՞նչ ծրագիրներ կ՛որոճայ ան: Այլեւս բախտն է, որ կրնայ աջ կամ ձախ թեքել՝ կործանում թէ փրկութիւն յառաջ բերելով:
Ինչ ալ ըլլան պարագաները, անորոշութեան մէջ մնալը տագնապալի կացութիւն է եւ ո՛չ ոք պիտի ուզէր մնալ այդ վիճակին մէջ: «Ա՛յս կամ ա՛յն կողմ» խիստ յանդիմանութիւնը կը տրուի յաճախ այն անձերուն, որոնք շուարած ըլլալով չեն կրնար որոշում կայացնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն:
՜՜ Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ՝՝ խրատը պէտք է անյապաղ տանք տատամսող անձերուն, որովհետեւ անոնց մտքին մէջ եղած կասկածը, երկուութիւնը, կողմնորոշուելու դժուարութիւնը եւ ընդհանուր անորոշութիւնը պիտի առաջնորդեն զանոնք այլ վտանգաւոր փապուղիներ, որուն զոհ կրնան երթալ շատ աւելի թուով մարդիկ: Իրենց կասկածը վերածելու համար պէտք է օգնել անոնց, որպէսզի շուտով կարենան որոշում առնել եւ իրենց ընելիքը շուտո՛վ ընեն: Այսպիսով նաեւ նախապատրաստուած կ՛ըլլանք անոնց ընելիքին եւ նոյնիսկ հակակշիռի տակ առած կ՛ըլլանք անոնց ապագայ քայլերը:
Մարդկութեան տառապանքը նուազեցնող ու շատերու ունեցած տագնապը կարճեցնող իմաստուն խորհուրդ կայ այդ մէկ տողին մէջ, զոր Յիսուս ինք օգտագործեց օր մը, սիրոյ սեղանին շուրջ Յուդային ըսելով. _ «Ընելիքդ շուտո՛վ ըրէ»:
Նոյնիսկ եթէ մեզ մատնելու, մեզի վնաս հասցնելու, մեր անունը վարկաբեկելու ուղղուած պիտի ըլլան անոնց քայլերը, գէթ մի անգամ ընդմիշտ ընեն ու աւարտեն, որպէսզի անորոշութեան մէջ մնալով ուրիշներու ալ քանդումին պատճառ չդառնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.