2013-05-16 14:03:24

Իրաք ՔԱԿ-ի Զինեալներու Իրաքեան Հողեր Մուտք Գործելուն Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ Ապահովութեան Խորհուրդին


Երէկ ՔԱԿ-ի զինեալներու «առանց իր արտօնութեան» իր հողամասերը մուտք գործելէն ետք, Իրաք որոշեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել:
Իրաքի վարչապետի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը երէկ որոշած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել` արգելք հանդիսանալու «Իրաքի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութեան»` զգուշացնելով, որ ՔԱԿ-ի զինեալներու Իրաք մուտքը «մեծ վնաս կը պատճառէ» Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց:








All the contents on this site are copyrighted ©.