2013-05-16 14:02:59

Ազգային Երկխօսութեան Խորհրդաժողովը Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրիական Հողի Վրայ Եւ Սուրիացիներուն Կամքով» Ըսաւ Սուրիոյ Վարչապետը


Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի Սուրիոյ բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց մասնակցելու ազգային երկխօսութեան երթին` հասնելու համար ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին:
Սուրիոյ վարչապետը յայտնեց, որ «ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հողին վրայ եւ միայն սուրիացիներուն կամքով` առանց արտաքին միջամտութեան` ճշդելու համար Սուրիոյ քաղաքական նոր ապագան, որ կ՛ամրապնդէ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը եւ վերաշինութեան ընթացք կու տայ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի յաջողութիւնը կարիքը ունի այս նախաձեռնութեան նկատմամբ սուրիական ընդդիմութեան աջակցութեան»` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է զօրակցին ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ամրօ յայտարարեց, որ «Եգիպտոս կ՛ողջունէ Սուրիոյ տագնապի լուծման ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը»:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ բախումներուն ընթացքին արձակուած երկու հրասանդի հրթիռներ ինկած են բռնագրաւեալ Կոլանի հիւսիսը գտնուող Ժապալ Շէյխ շրջանին մէջ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութենէն զինեալներ երէկ ազատ արձակած են Կոլանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ապահովական ուժերու այն երեք անդամները, որոնք երեքշաբթի գիշեր առեւանգուած էին:
Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարարը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի չմասնակցի Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Սուրիոյ բարեկամներու ժողովին:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ 29 մայիսին Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրիացի ժողովուրդի բարեկամներու ժողովը:








All the contents on this site are copyrighted ©.