2013-05-15 11:43:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Քրիստոնեայ ըլլալը ''ժամանակաւոր'' չէ այլ մշտական

Չորեքշաբթի 15 մայիս 2013։Այսօր առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն չորեքշաբթի օր, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն որոնց շարքին էին նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Ռաֆայել Արքեպիսկոպոս Մինասեան եւ սարկաւագ Միշել Ժանժէյ որոնք ունկնդրութեան աւարտին առիթը ունեցան մօտէն ողջունելու ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուզեց անդրադառնալ դէպի ճշմարտութիւն առաջնորդող Սուրբ Հոգիի ներգործութեան մասին` Եկեղեցւոյ եւ մեր կեանքէն ներս։

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ ''Սուրբ Հոգին պիտի առաջնորդէ ձեզ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւն'' որով ինքն է ''ճշմարտութեան հոգին'' (Յովհ 16, 13) - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու մատնանշեց մեր ապրած ժամանակաշրջանի ճշմարտութեան հանդէպ ունեցած թերահաւատ կեցուածքի մասին։ Սրբազան Հայրը արդ հարց տուաւ '' ճշմարտութիւնը գոյութիւն ու՞նի իսկապէս'' եւ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Հոս - յարեց ֆրանչիսկոս Պապը- միտքս կու գայ Պիղատոսը երբ Յիսուս անոր կը յայտնէ իր առաքելութեան իմաստը։ Պիղատոս չի հասկնար թէ ճշմարտութիւնը իր դիմաց կը գտնուի, չի կրնար Յիսուսին մէջ տեսնել ճշմարտութեան դիմագիծը որ Աստուծոյ դիմագիծն է։ Եւ սակայն Յիսուս նոյնինքն ''ճշմարտութիւնն է որ մարդացաւ, ու մեր մէջ բնակեցաւ որպէսզի մենք ճանչնանք զինք։'' Ճշմարտութիւնը հանդիպում մըն է անձի մը հետ հաստատեց Սրբազան Հայրը ու հարց տուաւ ''ո՞վ է որ մեզի կը հասկցնէ թէ Յիսուս ճշմարտութեան Խօսքն է` Հօր Աստուծոյ Միածին Որդին։'' Սուրբ Պօղոս մեզի կը սորվեցնէ թէ ոչ ոք կրնայ ըսել ''Տէր Յիսուս'' առանց Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։ Ան է` Յարուցեալ Յիսուսի պարգեւը, որ մեզի կը ճանչցնէ ճշմարտութիւնը։

Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն իր աշակերտներուն կը վստահեցնէ թէ Հոգին Սուրբ պիտի սորվեցնէ անոնց ամէն բան։ Սուրբ Հոգին կը յիշեցնէ եւ հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ կը դրոշմէ խօսքերը զոր Յիսուս արտասանեց եւ որուն միջոցաւ Աստուծոյ օրէնքը կը հաստատուի մեր սրտերուն մէջ եւ կը դառնայ մեր առօրեայի որոշումներու հիմնական ակնաղբիւրը։ Հոգին Սուրբ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւնը որ Յիսուս մեզի խոստացած էր ու մեզ կը մղէ Յիսուսի հետ խոր հաղորդակցութեան մէջ մտնելու մեզի պարգեւելով Աստուածային իմաստութիւնը։ Արդարեւ եթէ Աստուած չլուսաւորէ մեզ ներքնապէս մեր քրիստոնէական էութիւնը մակերեսային կը թուի։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր -ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով- թոյլ տանք որ Սուրբ Հոգիին լոյսը ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Աստուծոյ ճշմարտութեան, որ մեր կեանքի միակ Տէրն է։

Հաւատոյ այս տարուայ առթիւ հարց տանք եթէ վճռական քայլեր ըրինք աւելի լաւ ճանչնալու Քրիստոսը եւ հաւատքի ճշմարտութիւնները, սուրբ գրային ընթերցումներու վրայ խորհրդածելով, քրիստոնէականը վերաքաղելով եւ սուրբ խորհուրդները ապրելով։Քրիստոնեայ ըլլալը ''ժամանակաւոր'' չէ այլ մշտական է։Հայցենք Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի աշակերտներու ճանապարհով։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով.

Մայիս ամսուայ ընթացքին, սիրելի երիտասարդներ, ձգտեցէք նմանիլ Նազարէթի երիտասարդուհիին, Մարիամին։ Ան թող ձեզ օգնէ ըլլալու պարզ եւ սրտով մաքուր, որպէսզի հոն ուր կայ առանձնութիւնն ու տխրութիւն տանիք անդորրութեան նշոյլներ։ Ձեզի սիրելի հիւանդներ մաղթանքս է որ ապրիք Մարիամի հովանիով ամբողջովին յանձնուելով Տիրոջ, որ բոլոր մխիթարութիւններու Աստուածն է։ Եւ դուք սիրեի նորպասակեալներ կարողանք գտնել միշտ երջանկութիւն եւ նեցուկ ձեր փոխադարձ հաւատարմութեան մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.