2013-05-15 11:44:17

Վատիկանի 2013-ի տարեցոյցի Ներկայացումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին


Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու թիւը յառաճուն յաւելում կ'արձանագրէ մասնաւորապէս Ափրիկէ եւ Ասիա ցամաքամասերու մէջ։

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Թարչիզիո Պերթոնէն անցեալ 13 մայիսիսն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայացուց Վատիկանի 2013-ի տարեցոյցը, ուր ի յայտ կու գայ թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու թիւը աշխարհի մէջ կը գերազանցէ 1 միլիառ 214 միլիոնը։
Երկրագունդին մէջ հաւատացեալներու աճումը շուրջ 18 միլիոն է։ Ամերիկեան ցամաքամասը առանձին կը ներկայացնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 48,8ը տոկոսը, Եւրոպան 23,5 տոկոսը, Ափրիկէն 16 տոկոսը, Ասիան 10,6ը, եւ Ոկիանեան 0.8ը տոկոսը։
Տարեցոյցին մէջ ի յայտ կու գայ նաեւ քահանաներու թիւին յաւելում, երկրագունդին մէջ անոնք կը հաշուեն 413.418 հազար, եպիսկոպոսները 5.132, կրօնաւորները 55.000, կրօնաւորուհիները 713 հազար իսկ մնայուն սարկաւագները 41 հազար։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերոյշեալ տուեալներու ներկայացումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին 2013-ի տարեցոյցին իրականացումին։
Նշենք որ առաջին անգամն է, որ տարեցոյցին մէջ կը կարդանք երկու Քահանայապետներու անուններ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եւ Պենետիկտոս վաստակաւոր քահանայապետ որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր անցեալ 28 փետրուար 2013-ին։
2300 էջնոց հաստաբոր գիրքը անհրաժեշտ եւ անբաժան ընկեր մըն է աշխարհի բոլոր կաթողիկէ թեմերուն ու եկեղեցական շարժումներուն։ Տարեցոյցը, որ 19-րդ դարու սկսած էր ամէն տարի լոյս տեսնել, կը ներկայացնէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը աշխարհի մէջ եւ կարգ մը տեղեկոիւթիւններ կու տայ անոր վիճակագրութիւններու վերաբերեալ։
Տարեցոյցտի ընթերցումէն ի յայտ կու գայ որ կան նորութիւններ հայող եկեղեցւոյ կեանքին։ Այսպէս կը կարդանք որ 2012-2013 շրջանին հաստատուած են եպիսկոպոսական 11 նոր Աթոռներ, երկու անձնական առաջնորդութիւններ, առաքելական փոխանորդութիւն մը, առաքելական վարչութիւն մը եւ երկու առաքելական էքզարգութիւններ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուական աշխատանքին համար կան 2979 թեմեր իսկ քահանայութեան պատրաստուող թեկնածուներու թիւն է 112.244։









All the contents on this site are copyrighted ©.