2013-05-15 08:07:35

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում


ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական եւ իրանեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ժետտայի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր: Սալեհի կոչ ըրած է շրջանի երկիրներուն միջեւ յաւելեալ համագործակցութեան՝ աւելցնելով, որ շրջանային ապահովութիւնը մօտէն առնչուած է այդ երկիրներուն միջեւ գործակցութեան:
Սէուտ Ֆայսալ իշխանը իր կարգին Իրանն ու Սէուտական Արաբիան «երկու կարեւոր երկիրներ» նկատած է եւ յայտնած, որ Սէուտական Արաբիա կը հաւատայ, որ Իրանը աշխարհի վրայ եւ իսլամական երկիրներուն մէջ իւրայատուկ դիրք մը ունի: «Մենք հասարակաց շահերու եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններով հետաքրքրուած ենք», ընդգծած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.