2013-05-15 15:03:52

Յառաջիկայ Սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը Գալիարիի Սրբավայրը Պիտի Այցելէ։


Չորեքշաբթի 15 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Իտալերէն լեզուով ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող Իտալացի հաւատացեալները, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին պիտի այցելէ Գալիարիի ''Պոնարիա'' Տիրամօր Սրբավայրը։
Ան յայտնեց թէ Գալիարիի եւ Պուէնոս Այրէսի միչեւ հինաւուր պատմութեան եւ եղբայրութեան կապեր կան։ Պուէնոս Այրէսի քաղաքի հիմնադրութեան ժամանակ, անոր հիմնադիրը Բէտրօ Մէնտոզան զայն կ՛ուզեր ''Սուրբ Երրորդութեան քաղաք'' անուանել սակայն հոն ապրող նաւաստիները որ բնիկ Սարտենեայէն էին կ՛ուզէին զայն ''Պոնարիայի Տիրամօր քաղաք'' անուանել եւ երկար վիճաբանութենէ ետք որոշուեցաւ զայն անուանել ''Սուրբ Երրորդութեան քաղաք եւ Պոնարիա Տիրամօր նաւահանգիստ'' սակայն անունին երկարութեան պատճառաւ վերջաւորութեան մնացին միայն երկու վերջին բարերը ''Պուէնոս - Պոնարիա - Այրէս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.